Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան կոչ ուղղեց Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին իսլամ համայնքէն ներում հայցելու եւ խնդրեց զգուշանալ իսլամ կամ քրիստոնեայ կրօնական սրբութիւնները անտեսելէ կամ ծաղրելէ, որովհետեւ անտեսումի եւ ծաղրի մօտեցումները երկրին մէջ սադրանքներ կը հրահրեն:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր այցելեց Լապուէ` ստուգելու համար տեղատարափ անձրեւին պատճառած վնասները: Ան ըսաւ. «Հակառակ անոր որ հատուցումներու առումով լիբանանցին վատ փորձառութիւն ունի, սակայն այս անգամ ելեւմուտքի նախարարութիւնը պիտի չուշանայ անձրեւներէն տուժած երկրագործներուն հատուցումները յատկացնելու»:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ ոմանք կը փորձեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները չեղեալ նկատել` աւելցնելով, որ այդ արարքին նպատակն է իշխանութիւնը ձախողեցնել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ ներկայ իշխանութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն իշխանութիւնն է` աւելցնելով, որ այդ իշխանութեան յաջողութիւնը նաեւ իրենց յաջողութիւնն է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ապու Տապիի եւ Տուպայի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ մեծապէս գնահատուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած մնայուն զօրակցութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պաալպեքի մշակութային բարգաւաճման համախմբումի մէկ պատուիրակութեան հետ, որուն հետ քննարկեց ծառայութիւններու մարզին վերաբերող Պաալպեքի կարիքները:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Իմատ Ուաքիմ շեշտեց, որ ուսանողական ընտրութիւնները փաստած են, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը մնայուն է եւ օրըստօրէ ինքզինք կը պարտադրէ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարելի ըլլայ` ամէնէն ուշը մինչեւ հոկտեմբեր ամսուան աւարտը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Զիատ Հաուաթ շեշտեց, որ Լիբանանին կարելի է իշխել միայն անոր բոլոր զաւակներուն գոյացուցած համաձայնութեան ընդմէջէն եւ բոլորին մասնակցութեամբ:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ վարչապետին իրաւասութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած են եւ ոչ ոք կրնայ զանոնք հարուածել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց ամէնէն մօտիկ ապագային ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ Աքքարի Ռիհանիէ շրջանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով դրական նշոյլներ գոյութիւն ունին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքին ներկայացուցչութեան վերաբերող թնճուկը տակաւին չէ լուծուած:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յստակ որոշումը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը հասցուց հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Լիբանանի անկախացումէն ի վեր մինչեւ օրս քրիստոնեայ ընկերութիւնը իւրայատուկ է իր բազմազանութեամբ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ ոմանք կը խանգարեն այն դրական մթնոլորտը, որուն մասին վարչապետ Սաատ Հարիրի կը խօսի` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իւրաքանչիւր հանդիպումի ընթացքին:

 

 

Նախորդը

Այսօր Կը Վերաբացուի Յորդանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Ժապեր-Նասիպ Սահմանային Անցքը

Յաջորդը

Պասիլ. «Հըզպալլայի Հետ Յաջողեցանք Պաշտպանել Լիբանանը, Իսկ Այժմ Պէտք Է Զայն Տնտեսական Հաւանական Փլուզումէ Պաշտպանենք»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.