Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Քորէայի Մէջ Պատրաստ Են Ամբողջ Դար Մը Ապրելու Միջազգային Պատժամիջոցներու Տակ

October 15, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Քորէայի մէջ, եթէ պէտք ըլլայ, պատրաստ են նոյնիսկ ամբողջ դար մը ապրելու միջազգային պատժամիջոցներու տակ` հիմնուելով բացառապէս սեփական ուժերու վրայ: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են հարաւային քորէական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով հիւսիսային քորէական Քորէայի աշխատանքային կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Նոտոմ սինմուն» հրապարակումը:

«Նոտոմ սինմուն»-ի յօդուածին մէջ նշուած է, որ Հիւսիսային Քորէան առանձին պիտի կարենայ ապրիլ թէկուզ հարիւր տարի: «Թող անոնք պատժամիջոցներուն հետեւին թէկուզ հետագայ տասը տարուան կամ հարիւր տարուան ընթացքին: Մենք պիտի յաղթահարենք որեւէ պատժամիջոց ու դժուարութիւն` դառնալով աշխարհի հզօրագոյն տէրութիւնն ու ընկերվարական դրախտը», կը գրէ թերթը:

Յօդուածին հեղինակները երկրի քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղեն` պայքարելու իրենց տնտեսական անկախութեան համար եւ զարգացնելու այնպիսի ճարտարագիտութիւններ, որոնք պիտի օգնեն յաղթահարելու պատժամիջոցներու հետեւանքները:

Հարաւային քորէական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ այս յօդուածը լոյս տեսած է այն բանէն ետք, երբ այս շաբաթ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը, որուն ընթացքին անոնք զօրակցեցան Փիոնկիանկի դէմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի պատժամիջոցներու վերատեսութեան: Անոնք նաեւ զօրակցած են Փիոնկիանկի եւ Ուաշինկթընի, ինչպէս նաեւ երկու Քորէաներուն միջեւ տեղի ունեցած հաղորդակցութիւններուն:

Երեք երկիրները նշած են, որ Քորէական թերակղզիի ապահիւլէականացման հոլովոյթը պէտք է տեղի ունենայ փուլային եւ միաժամանակային բնոյթ, եւ անոր զուգահեռ առնուին առնչակից երկիրներու կողմէ բարի կամեցողական քայլեր:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Միջազգային Դրամատան Նախկին Ղեկավարի Կինը «Հարրըտզ»-ի Մէջ 21 Միլիոն Տոլար Ծախսած Է

Յաջորդը

Ռուսիան Կրնայ 2019-ին Դուրս Մնալ Եւրոպական Խորհուրդի Կազմէն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.