Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ջերմօրէն Կ՛ողջունէ Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ Վեհաժողովի Գումարումը Երեւանի Մէջ

October 13, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ողջունեց ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին գումարումը Հայաստանի մէջ եւ այս առիթով ըսաւ.

«Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին գումարումը Երեւանի մէջ կը նկատենք կարեւոր դէպք մը եւ միաժամանակ եզակի իրագործում մը Հայաստանի համար` դիւանագիտական, քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական մարզերուն մէջ: Մեծապէս կը գնահատենք վեհաժողովին կազմակերպուածութիւնը եւ հիւրերուն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրասիրութիւնն ու բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւնը: Նաեւ ջերմօրէն կը գնահատենք Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արտասանած խօսքերը` տնտեսական ֆորումին ու վեհաժողովի բացումին:

«Կ՛ապրինք համաշխարհայնացած դարու մը մէջ, ուր ինքնակղզիացումը ներելի չէ: Ազգեր, մշակոյթներ, կրօններ եւ ընդհանրապէս ընկերութեան կեանքին առնչուած բոլոր մարզերն ու երեւոյթները իրարու հետ սերտօրէն առնչուած են: Հայաստանի համար արտաքին յարաբերութիւնները նոյնքան կարեւոր են, որքան ներքին կեանքը, որովհետեւ անոր նախաձեռնած ծրագիրներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները լայն չափով առնչուած են իր միջազգային յարաբերութիւններուն: Հետեւաբար, Հայաստանի ներկայութիւնը շրջանային թէ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ հրամայական է: Այդ ներկայութիւնը պէտք է դառնայ գործօն ու հետեւողական, եւ, ուստի, Հայաստանը միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ պէտք է ներկայացուի այնպիսի անձերու կողմէ, որոնք նուիրումի առընթեր տուեալ կառոյցին կամ բնագաւառին առնչուած մասնագիտութիւն ու փորձառութիւն ունին:

«Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը (Ֆրանքոֆոն) միջազգային այն կարեւոր հարթակներէն մէկն է, ուր մեր ներկայութիւնը կենսական է եւ մեր կատարելիք ներդրումը` էական: Երեւանի վեհաժողովը ցոյց տուաւ Հայաստանի կազմակերպուածութիւնն ու յանձնառութեան որակը: Անհրաժեշտ է նո՛յն մօտեցումը շարունակել»:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Սուրիան Քայքայուած Վիճակի Մէջ Է» Կ՛ըսէ Եունքեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.