Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աունի եւ պաշտօնական պատուիրակութեան, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) հասաւ Հայաստան, ուր տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովը:
Նախագահ Աունի պատուիրակութեան մաս կազմեցին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, որոնց այսօր պիտի միանայ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Նախագահ Աուն Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ ընդունուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան միջինարեւելեան հարցերու բաժանմունքի պետ Արման Պապիկեանի, արարողակարգի տնօրէն դեսպան Գէորգ Պետրոսեանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի կողմէ:
Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան երկօրեայ վեհաժողովին նախագահ Աուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ կարեւոր խօսքով մը, որ պիտի արտասանուի այսօր:
Նախագահ Աուն իր խօսքով պիտի անդրադառնայ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան հետ Լիբանանի յարաբերութեան, տարբեր ցեղերու եւ մշակոյթներու միջեւ երկխօսութիւն կատարելու Լիբանանի դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու քաղաքակրթութեան խորքը ունենալու լիբանանեան ընկերութեան:
Նախագահ Աունի վեհաժողովին մասնակցութեան զուգահեռ հանդիպումներ պիտի ունենայ այդ վեհաժողովին մասնակցող այլ երկիրներու պատուիրակութիւններուն հետ:



