ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան նախանցեալ օր ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուցը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումէն ետք Շմուց շեշտեց, որ միւֆթիին հետ քննարկուած է նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը` մաղթելով, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կազմուի:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն` դիւրութիւններ տրամադրելու, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութիւնը կազմել:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց տնտեսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններուն ունեցած հետեւանքը` Լիբանանի վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող տիւրզի համայնքի արգելակումը լուծելու ճիգին մէջ իրենք համաձայն են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին փոխանցելու նախարարական թեկնածուներու 5 անուններ, որոնցմէ ան կ՛ընտրէ մէկը` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ խորհրդակցաբար, նկատի ունենալով, որ Պըրրի իր կարգին յանձնառու է տիւրզի համայնքին շահերուն եւ ազգային համերաշխութեան պահպանումին ու ամրապնդման:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը որոշեց շաբաթական դրութեամբ երկու նիստեր գումարել` մշակելու համար տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան մարզերուն վերաբերող նոր եւ ամբողջական ռազմավարութիւն մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը պիտի չվերահաստատուի` եթէ վարչական բարեկարգումներ չիրագործուին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ արտաքին նշոյլները ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Պաապտայի մթնոլորտը դրական է, իսկ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բաւական հեզասահ կ՛ընթանայ: Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Հայաստանէն վերադարձէն ետք կառավարութեան կազմութիւնը աւելի արագ ընթացք պիտի առնէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ եթէ կառավարութիւնը մինչեւ այս ամսուան աւարտը չկազմուի, ապա մենք բոլորս խենթեր կ՛ըլլանք:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Պըրնելլա Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն անձամբ միջամտած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ` կառավարութիւնը մինչեւ հոկտեմբեր, այսինքն` այս ամիս կազմելու նպատակով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետը կը սպասէ նախագահ Աունի հետ խորհրդակցութիւններուն` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը շարունակելու իմաստով: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ իրենք նախարարներուն քաղաքական պատկանելիութեան հետ ոչ մէկ խնդիր ունին:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի աղբիւրներէն, հաստատեց, որ ինք լաւատես է կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ ըլլալուն եւ գրաւը կը դնէ նախագահ Աունի իմաստութեան վրայ:


