Միջազգային դրամական ֆոնտի փորձագէտները հրապարակած են «Աշխարհի տնտեսական հեռանկար» զեկուցումը, որուն համաձայն, ամերիկեան պատժամիջոցներու պատճառով Իրանի տնտեսութիւնը յայտնուած է նահանջի վիճակին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:
Փորձագէտները կ՛ենթադրեն, որ ճգնաժամը յաջորդ տարի առաւել եւս պիտի խորանայ եւ մեծապէս քարիւղի արտածման վրայ հիմնուած տնտեսութեան նահանջը պիտի կազմէ 1,5 առ հարիւր, իսկ յաջորդ տարի պիտի հասնի 3,6 առ հարիւրի:
Այս տարուան մայիսին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տակաւին չէր յայտարարած Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերականգնելու մասին, Դրամական միջազգային ֆոնտի փորձագէտները յայտնած էին, որ Իրանի տնտեսութիւնը 2018-2019 թուականներուն շուրջ 4 առ հարիւրի աճ պիտի արձանագրէ:
Իրանի տնտեսական անկումը կը բացատրուի քարիւղի արտածման կարելիութիւններուն սահմանափակումներով, որովհետեւ գնորդները չեն ուզեր ենթարկուիլ ամերիկեան պատժամիջոցներուն եւ համաձայնագիրներ կը կնքեն քարիւղ արտադրող այլ երկիրներու հետ:
Ամերիկեան պատժամիջոցներու երկրորդ փուլը ուժի մէջ պիտի մտնէ այս տարուան նոյեմբերին:



