Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Բաբլոյեանի Եւ Փաշինեանի Հետ

October 10, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Փաշինեան. «Կ՛ընթանանք Լարուածութիւնը Թօթափելու Ճամբով»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով` hանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին եւ զարգացումներուն, ներառեալ` խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու իրականացման առնչուող հարցեր:

«Համաձայնած էինք մեր հեռախօսազրոյցներու, նաեւ Փարիզի մէջ մեր հանդիպման ժամանակ, որ պէտք է հանդիպինք: Հանդիպած եմ արդէն նաեւ պարոն Բաբլոյեանի հետ եւ պիտի ուզէի քննարկել ներքաղաքական իրավիճակը», ըսած էր հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան:

«Իսկապէս շատ կարեւոր է, որ այս իրավիճակը քննարկենք նաեւ հանրապետութեան նախագահին հետ: Ըստ էութեան, հիմա կրնամ ըսել, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ քանի մը իրադարձութիւն, որոնք կարծես կը տանին դէպի հանգուցալուծում: Մասնաւորապէս, երէկ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ յուշագիր ստորագրեցինք` դեկտեմբերին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու վերաբերեալ, եւ եւս 16 պատգամաւոր գրաւոր յայտարարութեամբ պաշտպանած են այդ նախաձեռնութիւնը: Կը կարծեմ, որ, ըստ էութեան, կ՛ընթանանք  լարուածութիւնը թօթափելու ճամբով, որ դրական է», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան նաեւ նշած է. «Ես նոյնպէս շատ ուրախ եմ, որ սկզբունքօրէն, ինչպէս նախապէս նշած էի, ընթացքը տեղի ունենայ երկխօսութեան եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտի մէջ: Ուրախ եմ լսելու, որ վերջին 1-2 օրուան ընթացքին բանակցութիւններու, երկխօսութեան ճամբով որոշ արդիւնք ձեռք բերուած է, եւ որ հաւանաբար հանգուցալուծումը հեռու չէ: Շատ կարեւոր է, որ այդ հանգուցալուծումը տեղի ունենայ»:

 

Նախորդը

ՀՀԿ-ն Չունէր Եւ Չունի Մտադրութիւն Առաջադրելու Վարչապետի Իր Թեկնածուն

Յաջորդը

Խմբագրական. Հանգուցալուծման Միտումներ` Կառավարութեան Ծրագիրի Հիման Վրայ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.