Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որմէ առաջ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին մէջ վարչապետը շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի կազմուի յառաջիկայ տասը օրերուն ընթացքին, որովհետեւ երկիրն ու անոր տնտեսական կացութիւնը այդ կառավարութեան խիստ կարիքը ունին:
Հարիրի շեշտեց, որ եթէ ինք հրաժարի վարչապետի պաշտօնէն, ապա պիտի մերժէ, որ զինք դարձեալ վարչապետ նշանակեն: Ան շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի յայտարարութիւնները դրական չէին, սակայն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իր հանդիպումը դրական էր:
Վարչապետ Հարիրի նշեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող խոչընդոտները կ՛ուղղուին դէպի լուծում` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը կը զիջին, ներառեալ` Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները:
«Տիրող ներկայ իրավիճակը կը մղէ, որ քաղաքական բոլոր ուժերը զիջումներ կատարեն, իսկ բոլոր թնճուկները կը գտնուին հանգուցալուծման ուղիին վրայ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Հարիրի մաղթեց, որ կառավարութիւնը կազմուի նախագահ Աունի Երեւանէն վերադարձէն ետք:
Պէտք է աւելցնել, որ Մուսթաքպալ պլոքը իր գումարած նիստէն ետք շեշտեց, որ վարչապետ Հարիրի յանձնառու կը մնայ ազգային համախոհութեան կառավարութեան կազմութեան` ընդգծելով, որ Հարիրի այդ յանձնառութենէն անշեղ պիտի մնայ բոլոր պայմաններուն ներքեւ:
Միւս կողմէ, Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի:
Աւելի ուշ վարչապետին այցելեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Ներկայ էր նաեւ նախարար Խուրի:
Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական զարգացումները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան առումով:
Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ընդհանուր համադրող Ֆիլիփ Լազարինին` ներկայութեամբ Հարիրիի խորհրդական Նատիմ Մունլայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի իրագործած աշխատանքները:
Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Մաուրիսիօ Ալիս, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի եւ Արժանթինի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հարիրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Սանճիվ Արորա: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:



