Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ արաբական երկիրներ կատարած իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ երէկ այցելեց Յորդանան, ուր ընդունուեցաւ Ապտալլա Բ. թագաւորին կողմէ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ գործուղուած նախարար Պասիլ Ապտալլա Բ.-ին յանձնեց յառաջիկայ 19-20 յունուարին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական բարգաւաճման վեհաժողովին հրաւէրը:
Հանդիպումին մասին Պասիլ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ հանդիպումները միշտ գործնական են եւ արդիւնաբեր: «Ապտալլա Բ.-ի հետ հանդիպումներուն ընթացքին խորհրդակցութիւնները միշտ փայլուն միտքերու շուրջ կը կատարուին եւ կը դրսեւորուին միացեալ զգացումներ եւ միացեալ շահեր:
Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ յորդանանցի իր պաշտօնակիցին` Այման Սաֆատիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններն ու տեղահանուածներուն վերաբերող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը Սուրիոյ կայունութեան վերահաստատման հետ զուգահեռ կ՛ընթանայ` հակառակ ոմանց այն տեսակէտին, թէ նախ եւ առաջ պէտք է Սուրիոյ տագնապը լուծուի եւ ապա տեղահանուածներու տունդարձ կատարուի:
Պասիլ յոյս յայտնեց, որ Նասիպի անցքը մօտիկ ապագային բացուի, որպէսզի Սուրիոյ ընդմէջէն Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ առեւտրական շարժումը վերսկսի:
Հզօր Լիբանան Համախմբումի Նիստ
Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք համախմբումի անդամ Ալեն Աուն յայտնեց, որ իրենք կը վստահին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առթած լաւատեսութեան` յոյս յայտնելով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ բանակցութիւնները կ՛աւարտին` կազմելու համար կառավարութիւնը:
Աուն մաղթեց, որ վարչապետ Հարիրի մնացեալ թնճուկները լուծէ` կազմելու համար կառավարութիւնը` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայն են ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան:




