Ուքրանիոյ Ձեռնիկովի մարզին մէջ գտնուող զինուորական պահեստին մէջ պայթում տեղի ունեցած է: Հետագային հաղորդուեցաւ, որ 2-3 վայրկեանը անգամ մը պայթում տեղի կ՛ունենայ:
Պահեստին մէջ առաջին պայթումը, որ ուքրանական լրատուամիջոցները երկրին մէջ մեծագոյններէն մէկը կը նկատեն, տեղի ունեցած է երէկ գիշեր ժամը 3:00-ի մօտ:
Կը հաղորդուի, որ պահեստին մէջ կը գտնուի շուրջ 88.000 թոն զինամթերք:
Դէպքի վայրէն 20 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ գնացքներու եւ ինքնաշարժներու երթեւեկը դադրեցուած է: Փակուած է նաեւ օդային տարածքը:



