Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Ռիատի Կոչ Կ՛ուղղէ Խաշըկժիի Անհետացման Շուրջ Համապարփակ Հետաքննութիւն Կատարելու

October 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըկժիի` սէուտական հիւպատոսարան մուտք գործելէ ետք անհետանալու լուրերուն նկատմամբ:

«Հիւպատոսարանի պաշտօնատարները չեն կրնար իրենք զիրենք փրկել ըսելով, որ ան հեռացաւ: Առնչակից իշխանութիւնները յանձնառու են այդ պնդումներուն գծով փաստեր ներկայացնելու: Եթէ հեռացած է, ուրեմն պէտք է ատիկա փաստէք լուսանկարներով: Անոնք, որոնք թրքական իշխանութիւններուն հարց կու տան, թէ ո՞ւր է ան, նախ եւ առաջ պէտք է հարցնեն, թէ ատիկա ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ», ըսաւ ան:

«Մտահոգ եմ եւ կը յուսամ, որ հարցը լուծուի: Ներկայիս ոչ ոք այդ հարցին վերաբերեալ բան մը գիտէ: Վատ պատմութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուած են. ատիկա չեմ սիրեր», նշեց Թրամփ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ իր կարգին սէուտական կառավարութեան կոչ ուղղեց` սէուտցի լրագրողի անհետացման շուրջ համապարփակ հետաքննութիւն կատարելու:

Ան Ռիատին կոչ ուղղեց` հետաքննութեան արդիւնքները հրապարակելու:

Հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամ իր կարգին զգուշացուց Սէուտական Արաբիան, որ եթէ Խաշըկժիի ահաբեկման լուրը հաստատուի, ապա ատոր հետեւանքները ծանր պիտի ըլլան Ուաշինկթըն-Ռիատ յարաբերութիւններուն վրայ:

Կրահամ նշեց, որ այդ պարագային Սէուտական Արաբիան մեծ գին պիտի վճարէ ո՛չ միայն տնտեսական գետնի վրայ: Ան հաւաստեց, որ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պոպ Քորքըր իրեն համակարծիք է:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ Խաշըկժիի հարցը Թուրքիոյ քաղաքական ու մարդկային պարտքն է, եւ իրենք չեն պատրաստուիր անտեսելու այդ խնդիրը:

Ան Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութեան կոչ ուղղեց ապացուցելու, որ լրագրողը իսկապէս դուրս եկած է շէնքէն եւ այնտեղ չէ սպաննուած: «Սէուտական հիւպատոսութիւնը չի կրնար ինքզինք փրկել ըսելով, որ Խաշըկժի շէնքէն հեռացաւ», ըսաւ ան:

Էրտողան յայտնեց, որ դատախազութիւնը կը քննէ Պոլսոյ օդակայանին մէջ սէուտցի քաղաքացիներու ժամանման եւ մեկնումի արձանագրութիւնները:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» հաղորդեց, որ Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Խալետ պըն Սալման յայտնած է. «Պոլսոյ մեր հիւպատոսարանի տեսախցիկները չեն արձանագրեր»:

Ան յայտնած է, թէ Խաշըկժի իր ընկերն էր, եւ սէուտական ղեկավարութեան ուղղուած անոր քննադատութիւնը «անկեղծ էր»` աւելցնելով. «Այն տեղեկութիւնները, թէ թագաւորութիւնը ձերբակալած կամ սպաննած է Խաշըկժին, ամբողջովին սխալ են ու անհիմն, եւ չեմ գիտեր, թէ ո՛վ կը կանգնի այդ պնդումներուն ետին եւ ի՛նչ է անոնց նպատակը»:

«Սէուտական կառավարութիւնը ամբողջականօրէն կը գործակցի թրքական կառավարութեան ձեռնարկած հետաքննութեան հետ», ըսաւ ան` նշելով. «Ժամալը Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացին է, եւ անոր անվնաս մնալն ու ապահովութիւնը թագաւորութեան համար ծայրայեղ առաջնահերթութիւն մըն է»:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Դաշնակցային Անվտանգութեան Գրասենեակը Ձերբակալեց Երեք Անձեր, Որոնց Մօտ Ականներ Կային

Յաջորդը

Քրեմլին Կը Հաստատէ Սուրիոյ «Էս-300»-ներու Յանձնման Ամբողջացումը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.