Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Դիւանապետին. Իսրայէլի Իշխանութիւնները Պատրաստակամ Են Գտնելու Եկեղեցապատկան Կալուածները Չվտանգող Լուծումներ

October 8, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երուսաղէմի մէջ եկեղեցապատկան հողերու առնչուած վիճայարոյց հարցերը կը լուծուին, Իսրայէլի իշխանութիւնները պատրաստակամ են եկեղեցապատկան կալուածները չվտանգող լուծումներ գտնելու: Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Իսրայէլի իշխանութիւններուն հետ վերջին հանդիպումները այդ մասին կը վկայեն:

Երուսաղէմի մէջ եկեղեցապատկան հողերու առնչուած հարցերը քննարկելու համար կազմուած յանձնախումբը սեպտեմբերին ունեցած էր հանդիպում մը, որուն ընթացքին «Իսրայէլի շրջանային համագործակցութեան նախարարը անդրադարձաւ երկու հարցերուն` եկեղեցապատկան հողերու վերաբերեալ այն օրինագիծին, որ կը շրջանառուէր Քնեսեթին մէջ, եւ քաղաքապետարանին կողմէ որդեգրուած այն որոշումին, ըստ որուն, պէտք է եկեղեցիներէն ու վանքերէն տուրքեր գանձուին»:

Առաջին հարցին առումով նախարարը վստահեցուցած է, որ օրինագիծը ամբողջութեամբ ետ կանչուած է եւ այդպիսի բովանդակութեամբ օրինագիծ պիտի չըլլայ: Երկրորդին առումով ալ նշուած է, որ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Վատիկանի եւ Իսրայէլի պետութեան միջեւ: Արդէն շուրջ 25 տարիէ ի վեր ընթացող այդ բանակցութիւնները կը հասնին իրենց աւարտին, իբրեւ արդիւնք պիտի կնքուի համաձայնագիր մը, որ պիտի անդրադառնայ եկեղեցիներուն եւ վանքերուն: Այդ համաձայնագիրը իբրեւ բնորդ պիտի ծառայէ միւս քրիստոնէական համայնքներուն պարագային:

«Անգամ մը եւս ընդգծեմ, որ մեզի համար շատ անկեղծ ու անմիջական, բաց հանդիպում էր: Նախարարը նշեց, որ քաղաքապետին որոշումը կառավարութեան հետ համակարգուած չէր: Ատիկա անոր անձնական որոշումն էր: Այդ ժամանակ Երուսաղէմին յատկացուելիք պիւտճէի չափին շուրջ քննարկումներ տեղի կ՛ունենային քաղաքապետարանին եւ ելեւմուտքի նախարարութեան միջեւ: Նախարարութիւնը պահանջուող պիւտճէն չէր համաձայնած տրամադրել, քաղաքապետն ալ կառավարութիւնը ցնցելու համար դիմած էր այդ որոշումին, որ տագնապ ստեղծուի քրիստոնեայ համայնքներու եւ կառավարութեան միջեւ», ըսած է վարդապետը:

Խօսելով եկեղեցապատկան հողերու խնդիրի լուծման առնչուած հայ եկեղեցւոյ ցանկալի տարբերակին մասին` Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետը նշեց` համաձայն են, որ դարերով եկեղեցիներէն ու վանքերէն հարկեր չգանձելու ընդունուած սովորութիւնը պահպանուի:

«Թէեւ իրենք կը պնդեն, որ կան եկեղեցիներ ու վանքեր, որոնք շահութաբեր հաստատութիւններ են, որովհետեւ այնտեղ կան սրճարաններ, գրադարաններ, յուշանուէրներու խանութներ, սակայն ատիկա մեզի չի վերաբերիր, որովհետեւ մեր վանքերուն, եկեղեցիներուն մէջ այդպիսի բաներ չկան: Անշուշտ, մեզի համար շահեկանը ներկայ սթաթիւս քոն պահպանելն է, որ եկեղեցիներէն ու վանքերէն հարկեր չգանձուին», աւելցուցած է ան:

 

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան. «Իրարու Հակադրուող Քաղաքական Ուժերը Պէտք Է Վերջ Տան Այդ Ընթացքին, Իսկ Ժողովուրդը Պէտք Է Փողոց Իջնէ»

Յաջորդը

Նոպէլեան Մրցանակի Արժանացած Մուրատ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ուղղեց

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.