Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 7 հոկտեմբերին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ մրցումը: Անոր ազդանշանը պիտի տրուի յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին:
Ֆայնըլ-ֆորի երկրորդ մրցումին իրարու դէմ կը ճակատին «Եու. Էս. Ժի.» (1875) եւ Անուար, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիր եւ քաջալերել ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջիկները:



