Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Ազրպէյճան: Ըստ ռուսական աղբիւրներու, այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին վերաբերեալ քննարկում:
Թէ ինչպէս կը գնահատէ պաշտօնական Ստեփանակերտը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկրի ղեկավարի այցելութիւնը Ազրպէյճան, «Փանորամա»-ի թղթակիցը զրուցեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանի հետ:
Վերջինս նախ նշեց, որ Ֆրանսան եւ Ազրպէյճանը, անկախ ամէն ինչէ, ինքնիշխան երկիրներ են եւ բնականօրէն կ՛ուզեն զարգացնել երկկողմանի յարաբերութիւնները:
«Այստեղ մենք միջամտելու անհրաժեշտութիւն չունինք, քանի որ այդ երկու երկիրները իրենք կ՛որոշեն իրենց յարաբերութիւնները: Երկրորդ, Ֆրանսան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, շատ լուրջ դերակատարութիւն ունի, եւ մենք յատուկ հետաքրքրութիւն ունինք այս այցելութեան մէջ: Համոզուած եմ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը Ֆրանսայի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան միացեալ տեսակէտը անգամ մը եւս պիտի ներկայացնէ Պաքուին:
«Իսկ եռանախագահութիւնը, ներառեալ պաշտօնական Փարիզը, հետամուտ են արցախեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման, Հարաւկովկասեան շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան կողմնակից են: Հետեւաբար մենք կ՛ողջունենք նման քննարկումները, եւ այն, որ պաշտօնական Պաքուն անգամ մը եւս պիտի իրազեկուի եռանախագահութեան հաւաքական մօտեցումին», ըսաւ ան:
Դաւիթ Բաբայեան չբացառեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի` եկող շաբաթ նաեւ Հայաստան ծրագրուած պետական այցելութիւնը կրնայ լաւ առիթ դառնալ` մինչեւ տարեվերջ տեղի ունենալիք Զոհրապ Մնացականեան-Մամետեարով հանդիպումէն առաջ անգամ մը եւս քննարկելու Արցախեան տագնապը:
«Բոլորն ալ լաւ կը հասկնան տագնապին բարդութիւնները, եւ պէտք է կարեւոր նկատուի բանակցային գործընթացի շարունակականութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան:



