Արժանթինի Տուկուման նահանգի օրէնսդիր մարմինը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած է` հաւատարիմ մնալով Արժանթինի ազգային օրէնքին, ուր ամէն տարուան ապրիլի 24-ը ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան կը յայտարարուի «ժողովուրդներու միջեւ յարգանքի եւ հանդուրժողականութեան օր», այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը:
«Արժանթինի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրակարգի կէտերէն մէկը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան, ուստի նահանգներու հաւատարմութիւնը ո՛չ միայն հանրօգուտ գործողութիւն է, այլեւ անոր միջոցով կ՛ամրագրուի հաւատարմութիւնը 20-րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցած մարդկային ողբերգութիւններու դատապարտման, որոնք սերտօրէն կապուած են աւելի ուշ տեղի ունեցած դէպքերուն հետ: Տուկումանի այս կարեւորագոյն քայլը միտուած է անոր», ըսած է Արժանթինի հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Նիքոլաս Սապունճեան:
Բանաձեւի նախագիծը ներկայացուցած են օրէնսդիրներ Օսվալտօ Մորելին, Իռեն Մետինան, Սանտրա Մենտոսան եւ Սառա Ասանը: Տուկումանը այսպիսով կը դառնայ Արժանթինի 21-րդ նահանգը, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ կ՛ընդունի:



