Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կուսակցութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ան հերքեց այն ամբաստանութիւնները, թէ ինք կ՛արգելակէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
«Անձ մը ինքն իրեն չի կրնար խոչընդոտել», ըսաւ Պասիլ` հաստատելով, որ հաւանաբար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի վերջին փուլին մէջ գտնուինք, եթէ ճշգրիտ չափանիշները որդեգրենք», հաստատեց Պասիլ:
Ան նշեց, որ երկրին մէջ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ քաղաքական ընթացք մը, որ պիտի գործէ հանրապետութեան հզօր նախագահի, խորհրդարանի հզօր նախագահի եւ հզօր վարչապետի օրով:
Պասիլ հաստատեց, որ նախընտրելի է Լիբանանի կառավարութիւնները կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւններու հիման վրայ: Ան աւելցուց, որ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը արժանի է համբերութեան եւ զոհողութեան, սակայն ոչ այն աստիճանի, որ այդ համբերութիւնը շանթաժի վերածուի եւ կամ երկրին իշխանութիւնը ձախողեցնելու փորձեր կատարուին:
Պասիլ նշեց նաեւ, որ ինք կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն միջամուխ չի դառնար` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան չափանիշը արդարութեան չափանիշն է:
Անդրադառնալով տիւրզի համայնքի ներկայացուցչութեան հարցին` Պասիլ յայտնեց, որ այդ հարցը իրենց կը վերաբերի, որովհետեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնած է, թէ Լեռնալիբանանի երաշխիքը պլոքը մաս պիտի կազմէ Հզօր Լիբանան համախմբումին:
Միջմարոնիական ներկայացուցչութեան հարցին մասին Պասիլ ըսաւ, որ կառավարութեան կազմութեան չափանիշին հիման վրայ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պլոքը իւրաքանչիւր 5 երեսփոխանի դիմաց պէտք է ստանայ նախարար մը:
Ան աւելցուց, որ իրենք ոչ մէկ հարց ունին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ ուժային նախարարութեան մը տիրանալու` աւելցնելով նաեւ, որ փոխվարչապետի նշանակումը հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնն է, ուրեմն չեն միջամտեր նաեւ այդ նշանակումին:
Պասիլ շեշտեց, որ իր հաշուոյն մեծ անարդարութիւններ արձանագրուած են, սակայն ինք կը հանդուրժէ զանոնք ի գին Մեհրապի համաձայնութեան եւ հաշտութեան պաշտպանութեան:
Պասիլի կատարած յայտարարութիւններուն մասին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Պասիլ իրաւունք չունի կառավարութեան կազմութեան չափանիշներ ճշդելու, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, թէ իրենք իրաւունք ունին ստանալու կառավարութեան հաշուած նախարարութիւններուն մէկ երրորդը:
Երեկոյեան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ չէ, որովհետեւ Պասիլի յայտարարութիւնները կառավարութեան կազմութեան ջանքերը վերադարձուցին զերօ կէտին:



