Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յայտարարած է, որ ամերիկեան վարչակազմը ինչպէս նախապէս չի ճանչնար Պաղեստինի պետութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին ըսած է Սպիտակ տան մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Ներկայիս անիկա պետութիւն չէ: Անիկա չ՛անցնիր պետականութեան` միջազգային իրաւունքին համապատասխան քննութիւնը, չի վերահսկեր գծուած սահմաններուն, չի կատարեր կառավարութեան բնական գործառոյթներ: Կան շարք մը պատճառներ, որոնցմէ մեկնած անիկա պետութիւն չի հանդիսանար», ըսած է Պոլթըն` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու այդ դիրքորոշումն ու հռետորաբանութիւնը կառուցողակա՞ն են եւ կը նպաստե՞ն պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման:
Ըստ Պոլթընի, այդ դիրքորոշումը յստակ է եւ ճիշդ:
Ան նաեւ շեշտած է, թէ ինչպէս նախապէս նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշած է, Պաղեստինը կրնայ պետութիւն դառնալ, սակայն ատոր համար անհրաժեշտ են դիւանագիտական բանակցութիւններ Իսրայէլի եւ այլ երկիրներու հետ:
Պոլթըն յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ այս դիրքորոշումը որդեգրած է 1988-ին, երբ պաղեստինցիները յայտարարեցին իրենց պետութեան հռչակման մասին:



