Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային. Ազգային Եւ Ազգագրական Երգերու Երեկոյ

October 6, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 27-ամեակին առիթով երէկ` ուրբաթ, 5 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ կաթողիկէ «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգագրական եւ ազգային երգերու երեկոյ` կատարողութեամբ հայրենի երգիչներ Գոհար Յովհաննիսեանի, Ռուբէն Սասունցիի եւ Աղասի Իսպիրեանի:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Վարդան Ազնաւուրեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու տաղանդաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը:

Ան նկատել տուաւ, որ սոյն ձեռնարկը վարչութեան  գործունէութեան նոր տարեշրջանի առաջինն է, նաեւ կը զուգադիպի Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակին: Ազնաւուրեան հաստատեց, որ ազգագրական եւ ազգային երգերը միշտ եղած են հոգեհարազատ եւ լաւագոյնս կ՛արտացոլեն մեր մշակոյթը, նաեւ կ՛ամրապնդեն հայրենիքի հետ կապը:

Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ Գոհար Յովհաննիսեան, Ռուբէն Սասունցի եւ Աղասի Իսպիրեան ազգագրական եւ ազգային երգերով ջերմացուցին իրաւ արուեստի ծարաւ մեր հոգիները` ամրապնդելով մշակութային կամուրջը Հայաստանի եւ սփիւռքի սիրտը հանդիսացող Լիբանանի մէջ: Յաջորդաբար հնչեցին

«Հասնինք Սասուն», «Կռունկ», «Մըյրօ», «Դարեր առաջ», «Հայ ֆիտայիներ», «Սասնայ աղջիկ»,   «Գնաք հայեր», «Ասմար աղջիկ», «Հայ ֆիտայիք», «Շուշի», «Արդեօք ովքե՞ր են», «Հայեր միացէ՛ք»,

«Գինի լից», «Հայ ծնուել ենք» եւ այլ երգեր:

Արդարեւ, Համազգայինը, որուն նպատակն է ձգտիլ լաւագոյնին, գեղեցիկին, որակաւորին` խթանելով բարձրորակ արուեստը, անգամ մը եւս հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, սփիւռքեան եւ մասնաւորաբար լիբանանեան դժուարին պայմաններուն մէջ, երբ մշակոյթ պահպանելը եւ տարածելը օրէ օր աւելի կը դժուարանան, եկաւ դարձեալ ըսելու. «Մենք տէրն ենք մեր մշակոյթին ու նախանձախնդիր` զայն հարազատօրէն փոխանցելու մշակութասէր հանրութեան»:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի Այցելութիւնը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. «ՀՄԸՄ-ի Եկամտաբեր Հիմնադրամ»-ի Մեկնարկ` Եղբայր Ժիրայր Եւ Քոյր Սրբուկ Սարգիսեաններու Նուիրատուութեամբ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.