Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Քաղաքական Հոգեհանգիստ

October 6, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծանուն Շարլ Ազնաւուրի հոգեհանգստեան-մեծարանքի  արարողութիւնը ֆրանսական պետութեան բարձրագոյն մակարդակով նախ բնականաբար այդ պետութեան մշակութային քաղաքականութեան կարեւորագոյն յատկանիշի մասին կը խօսի` իր մշակոյթի գործիչները արժեւորելու եւ այդ գերագոյն գնահատումի օրինակով ամբողջ ազգին, մարդկութեան կարեւորագոյն ուղերձ փոխանցելու: Ուղերձ, որ արժէքներ հարուածող այսօրուան յորձանուտին մէջ իսկական մշակութային արժէքը եւ այդ արժէքաբանը գերագոյն մեծարման արժանի կը շարունակեն մնալ Ֆրանսայի պետութեան համար:

Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը` պետութեամբ, մշակութային գործիչներով, ընդհանրապէս հասարակութեամբ արժանին մատուցեց Ֆրանսայի երգարուեստի պատմութեան մէջ ուրոյն ոճ, բովանդակութիւն ու կարելի է ըսել յատուկ դպրոց հաղորդած Ազնաւուրին:

Այս առիթով նաեւ համակողմանի արժեւորումներ կատարուեցան բարիին, ազնիւին, սիրոյ, հանդուրժողականութեան, աշխատանքին, իրաւազուրկներուն, գաղթականներուն նուիրուած եւ ընդհանրապէս մարդկային առաքինութիւններու Ազնաւուրի ճամբով մշակութայնացումին: Եւ այդ բոլորին ճամբով անգամ մը եւս Ֆրանսան արձագանգեց Հայոց ցեղասպանութեան, հայ բռնագաղթուածներուն, Ֆրանսայի մէջ անոնց համարկումին` վերընդգծելով, որ Ֆրանսան կը շարունակէ կառչած մնալ մարդու իրաւունքները գերադասող եւ բռնութիւնն ու խտրականութիւնը մերժող ազգ-պետութիւն գաղափարին:

Քաղաքական առումով դիտարկելի որոշ երեւոյթներ կ՛արժէ արձանագրել այս առիթով: Ազնաւուրի հոգեհանգիստին Ֆրանսայի նախագահին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին միասին մուտք գործելը, երկու երկիրներուն օրհներգներուն հնչումը, երկիրներու առաջին դէմքերուն խօսքերը, դագաղը պարուրած Ֆրանսայի դրօշին առընթեր հայկական եռագոյնով ծաղկեպսակի տեղադրումը եւ մանաւանդ  նախագահ Մաքրոնի խօսքին մէջ Հայաստանի ու հայութեան յատկացուցած բաժինը գլեցին անցան Ազնաւուրի հայկական ծագումին, ֆրանսական մշակոյթին անոր բերած անգնահատելի նպաստին, համամարդկային արժէքներու ջատագովութեան սահմանները: Քաղաքական առանցքը այդ բոլորին շեշտակիօրէն կը վերաբերէր ազնաւուրեան կամուրջին` հայ-ֆրանսական միջպետական յարաբերութիւններուն:

Եւ յատկապէս պաշտօնական Փարիզը` հանրապետութեան նախագահով, կառավարութեան անդամներով, արարողակարգով, զինուորական պահակագունդով եւ յարակից երգչախումբով Ազնաւուրի մեծարման ընդմէջէն ընդգծեց ո՛չ միայն հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու բարեկամութեան դարաւոր անցեալին վրայ հիմնուած իրականութիւնը, այլ նաեւ քաղաքական առումով լուսաւորեց երկու հանրապետութիւններուն միջեւ կայացած միջպետական յարաբերութիւններու փաստը:

Այդ յարաբերութիւնները անցեալ ուղի չեն միայն, ուր յատկապէս երկրաշարժին առիթով մեկնարկած Ազնաւուրի կազմակերպած համաշխարհային այլազան օժանդակութիւնները նպաստեցին դէպի անկախութիւն աննահանջ երթ որոշած մեր երկրի աշխարհին ճանաչողութեան: Այդ յարաբերութիւնները ներկայ են եւ դէպի ապագայ նայող հեռանկարային ընթացք, որ աւանդութիւն ունի եւ որ ամէն կարեւոր փուլի զգալի կը դարձնէ երկու պետութիւններուն քաղաքական բազկերակի զարկերուն ներդաշնակ կշռոյթները:

Ֆրանսախօս երկիրներու համաժողովի Երեւանի մէջ կայացումը Փարիզ-Երեւան միջպետական յարաբերութիւններու անցած ուղիին արգասիքն է, որքան ալ քաղաքականօրէն հասկնալի ըլլայ Ֆրանսայի տարածաշրջանին մէջ ներկայութեան միտող քայլերու ընդհանուր շրջագիծին մէջ նման որոշումի դիտարկումը:

Այս բոլորի արժեւորումը ուղղակի եւ անուղղակի կը կատարուի Ֆրանսախօսութեան համաժողովին: Կ՛արժեւորուին տակաւին յատկապէս Երեւան-Պրիւքսել համաձայնագիրներու վաւերացման, իրականացման եւ դէպի Եւրոպա տարբեր բնագաւառներու ուղղութեամբ համարկումի շեշտակի քայլեր առնելու Երեւանի պատրաստակամութեան մէջ Փարիզի ունեցած դերակատարութիւնը:

Ազնաւուր առիթով մը յայտարարած էր, թէ բոլոր հայերը պէտք է աշխատին Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձնել հայ երիտասարդութեան երազանքներու երկիրը:

Այդ երազանքներու  ի կատար ածումը կ՛ենթադրէ օրէնքի գերակայութեամբ հանգուցալուծումներ, երկխօսութեան ճամբով համաձայնութիւններ եւ բացառապէս անոնց ճամբով` իրաւական, ժողովրդավար եւ զարգացող պետութեան եւ հասարակութեան կայացում:

Աշխարհի գերտէրութիւններէն մէկուն կողմէ եւ Ազնաւուրի ընդմէջէն մեր երկրին ու պետութեան շնորհուած պատիւն ու արժեւորումը այդ հրամայականը կը յուշեն:

Նախորդը

Փարիզի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի Հոգեհանգստեան Արարողութիւնը

Յաջորդը

Հայ Մարզիկները Մեկնեցան Պատանեկան Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցելու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.