Երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Պուէնոս Այրես (Արժանթին) մեկնեցաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար երիտասարդներու 3-րդ ամառնային ողիմպիականին:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Վաչէ Ծատուրեան, որ օր մը առաջ մեկնեցաւ Արժանթին` անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարելու համար:
Լիբանանեան պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր Մազեն Ռամատան:
Ինչ կը վերաբերի Արժանթին մեկնած պատուիրակութեան, անոր մէջ են երեք մարզիկներ եւ երեք մարզիչներ:



