Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանաան. «Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Վաւերացնեն Շարք Մը Օրէնքներ»

October 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեցին նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի:

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համաձայնած են մէկ ամսուան ընթացքին վաւերացնել այն օրէնքները, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են առեւտուրի մարզին:

Ան նշեց նաեւ, որ միացեալ յանձնախումբերը սկսած են քննարկելու նաեւ նաւթի արտադրութեան վերաբերող օրէնքները` աւելցնելով, որ յանձնախումբերուն անդամները յառաջիկայ շաբաթ պիտի հրաւիրուին նիստի եւ պիտի վաւերացնեն շարք մը օրէնքներ:

Քանաան աւելցուց, որ նիստին օրը կը նշանակէ եւ յանձնախումբերը ժողովի կը հրաւիրէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:

Նշենք, որ Քանաան նախապէս նշած էր, թէ ստուգելէ ետք երկրին ելեւմտական կացութեան պատկերը, ինք կրնայ հաստատել, որ Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնը կայուն է, իսկ սնանկութեան մասին սպառնալիքները անտեղի են:

Քանաան մաղթեց, որ այս իմաստով լրատուամիջոցները զգուշանան իրենց հաղորդած լուրերուն մէջ:

Ան ընդգծեց, որ ելեւմտական կայուն կացութիւնը պէտք է բարգաւաճեցնել եւ ատիկա կատարելու համար պէտք է սրբագրել ներածուած արտադրութիւններուն ու պետական պիւտճէի ծախսերուն միջեւ ստեղծուած հսկայ խախտումը:

Քանաան ընդգծեց, որ ելեկտրականութեան տագնապին լուծումը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի հետ:

Միւս կողմէ, անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրեակին պետական պաշտօններու մէջ ներգրաւուած նոր պաշտօնեաներուն, Քանաան յայտնեց, որ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդէն ստացած են մանրամասն տեղեկագիրներ, որոնց համաձայն, պետական նոր պաշտօններ ստանձնած է 300 հոգի, որոնցմէ մաս մը ներառուած է նաեւ զինուորական կառոյցներու մէջ:

 

Նախորդը

Միքաթի Կը Զօրակցի Հարիրիին`

Յաջորդը

Խուրի Եւ Մաշնուք Կը Շեշտեն Ելեկտրածին Շարժակներով Ստացուած Ելեկտրականութիւնը Ժամացոյցներով Օժտելու Որոշումին Գործադրութիւնը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.