Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Տըրիան ընդգծեց, որ Տար Ֆաթուա կոչ կ՛ուղղէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կառավարութեան կազմութեան շուրջ համաձայնելու:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ հաստատեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի նախաձեռնութիւնը լիբանանեան դիւանագիտութեան մէջ իւրայատուկ դերակատարութիւն ունի, որովհետեւ Իսրայէլի դէմ նման քայլ մը առաջին անգամն է, որ կ՛արձանագրուի:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ արտակարգ ժողով մը գումարեց` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժիի: Նիստէն ետք Արաժի շեշտեց, որ քաղցկեղի բուժման յատուկ դեղօրայքը յառաջիկայ շաբաթասկիզբէն արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ Բարձրագոյն ուսման խորհուրդը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի կեղծ վկայականներ շնորհող  համալսարաններու թղթածրարը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ Մազարեհ Շեպաայի եւ Արքուպի վերեւ գործեց թռիչքներ` խախտելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը եւ ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ: Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժեր Մազարեհ Շեպաայի մէջ կատարեցին ռազմափորձեր, ինչպէս նաեւ շրջուն ջոկատներով խստացուցին սահմանային հսկողութիւնը` յաճախ ստուգելով Ուազզանիի եւ Ուատի Ասալի սահմանամերձ շրջանները: Յետմիջօրէին իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Հասպայայի եւ Ժապալ Շէյխի վերեւ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ հաստատեց, որ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք նոր պատերազմի մը մասին մտահոգութիւնները անտեղի են: Ան աւելցուց, որ եթէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Դիմադրութեան յատուկ թիրախներու մասին ստոյգ տեղեկութիւններ ունենար, ապա զանոնք չէր բացայայտեր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով արձանագրուած վերջին զարգացումները արդիւնք են իսրայէլեան սպառնալիքներուն դէմ ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը կազմելու անհրաժեշտութեան:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպումի նիստին, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան սպառնալիքներուն լաւագոյն պատասխանը պիտի ըլլայ պաշտպանութեան ռազմավարութեան վաւերացումը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այցելուներէն, կը գրէ, թէ նախագահ Աուն կառչած կը մնայ կառավարութեան կազմութեան մասին իր յայտարարած սկզբունքներուն:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Որեւէ Պահու Կրնայ Նոր Քայլերու Ձեռնարկել Սուրիոյ Մէջ» Կ՛ըսէ Քալըն

Յաջորդը

Ռամպլինկ. «Բրիտանիա Յանձնառու Է Լիբանանեան Բանակին Հետ Գործակցելու Եւ Անոր Օժանդակելու»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.