Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բացուեցաւ Մեսրոպեան Վարժարանին 80-րդ Տարեշրջանը

October 4, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

26 սեպտեմբեր 2018-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմն ու ծնողները տօնական մթնոլորտի մը մէջ նշեցին վարժարանի 80-րդ կրթական տարեշրջանին սկիզբը:

Ծնողներուն եւ աշակերտներուն առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ տնօրէն Կրեկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ նոր տարեշրջանը  Մեսրոպեանին համար յոբելենական է, քանի որ անիկա կը զուգադիպի վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին, որուն նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան: Ան ըսաւ, որ 80-ամեայ Մեսրոպեանը մեծ աւանդ ունեցաւ լիբանանահայ սերունդներու կեանքին մէջ եւ մեծապէս նպաստեց ընկերութեան զարգացումին, որուն ի խնդիր` այս տարիէն սկսեալ դպրոցին մէջ ի գործ պիտի դրուին շարք մը նոր ծրագիրներ: Կ. Գալուստ անդրադարձաւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան` դիտել տալով, որ Մեսրոպեանը հաւատարիմ է հայ ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքները սերունդներուն փոխանցելու ուսումնական ուղեգիծին` տիպար մարդ, տիպար հայ եւ տիպար քաղաքացի կազմաւորելու իր առաքելութեան:

Վերամուտին առիթով վարժարանի շրջափակին մէջ կայացած հաւաքին, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն կողքին, զգալի էր ծնողներու մեծաթիւ ներկայութիւնը: Մթնոլորտի ջերմութեան նպաստեց գեղարուեստական փոքր յայտագիրը, որ եզրափակուեցաւ ներկաներու ուրախ շուրջպարով: Այնուհետեւ աշակերտները բարձրացան դասարաններ, ուր անոնց կը սպասէին 80-ամեակի առիթով նուէրներ` տետրեր եւ գրենական պիտոյք:

Անցեալ տարի վարժարանի ակադեմական եւ արհեստից ճիւղերու 119 աշակերտներ յաջողեցան պետական քննութիւններուն` յաջողութեան խառն համեմատութիւնը հասցնելով աւելի քան 96 առ հարիւրի: Նոր տարեշրջանին Մեսրոպեանի մէջ գործադրութեան  պիտի դրուի եռամեայ նոր ծրագիր մը, որուն նպատակն  է արմատապէս բարեփոխել դպրոցին կրթական դրութիւնը:

Մեսրոպեանի Մէջ Կայացան Ուսուցիչներու Եւ
Հսկիչներու Վարժողական Սեմինարներ

Սեպտեմբեր 21-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ կայացան ուսուցիչներու եւ անձնակազմի վարժողական երկու առանձին սեմինարներ` առ ի պատրաստութիւն նոր տարեշրջանին եւ իբրեւ բաղկացուցիչ մաս դպրոցին մէջ ընթացք առած բարեփոխումներուն:

Առաջին սեմինարին կրթական խորհրդատուութեան «Ուազնաթ» կազմակերպութեան տնօրէն Սամիր Քոնսթանթինը Մեսրոպեանի ուսուցիչներուն հետ քննարկեց դասարանային կառավարման խնդիրները եւ ներկայացուց այդ խնդիրներու լուծման հայեցակարգ` հիմնուած մանկավարժական մօտեցումներու եւ աշակերտներու տարիքային հոգեբանութեան առանձնայատկութիւններուն վրայ: Դասախօսին առաջնորդութեամբ, ուսուցիչները խմբաւորեցին դասարանի կառավարման մէջ նկատուած խնդիրները եւ հաստատեցին որոշակի ուղեցոյց` իւրաքանչիւրի լուծման համար:

Երկրորդ սեմինարը վարեց նոյն կազմակերպութեան աշխատակից Միշէլ Աքրան, որ Մեսրոպեանի հսկիչ անձնակազմին ներկայացուց հսկողական գործառոյթին կանոններն ու յատկանիշները, ինչպէս նաեւ` զբօսանքներու կառավարման պահանջները:

Մեսրոպեան վարժարանը անցած տարուան վերջաւորութեան գործակցութեան համաձայնագիր կնքած էր «Ուազնաթ» կրթական խորհրդատուութեան հիմնարկին հետ` նպատակադրելով բարձրացնել աշակերտներուն կրթական մակարդակը, ամրապնդել ուսուցիչներուն գիտելիքները, ինչպէս նաեւ` օգտակար դառնալ ծնողք-զաւակ հաղորդակցութեան խնդիրներու լուծման:

 

 

Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2018-2019 Տարեշրջանի Վերամուտ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ողջո՜յն Քեզ, Հա՛յ Դպրոց

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.