Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ շեշտեց, որ լիբանանեան թղթոսկիի արժէքի կայուն պահպանումը վստահութիւն կը ներշնչէ, ինչպէս նաեւ ընկերային կայունութիւնը պահպանելու միջոց է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց երեսփոխան Ուալիտ Պաարինին, որ շեշտեց, թէ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան սպառնալիքները անարժէք են:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին նշեց, որ Մոսկուա լիբանանեան-իսրայէլեան նոր պատերազմ մը չի նախատեսեր:

ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ Իսրայէլ տեղեկութիւններ ունի, թէ Իրանի եւ Լիբանանի մէջ կան հիւլէական կայաններ, որոնց մասին Իսրայէլ յարմար պահուն պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ: Լիպըրման ընդգծեց, որ Իսրայէլ 1967-էն ետք միայն ներկայ ժամանակաշրջանին է, որ ինքզինք պատերազմի պատրաստ կը զգայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ կառավարութիւնը սահմանադրականօրէն հրաժարած է, իսկ հանրապետութեան նախագահը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հետ կը վարուի սահմանադրութեան համաձայն:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Սամեր Խալիլի հետ: Քննարկուեցան Սուրիա-Յորդանան Նասիպի անցքին վերաբացման կապուած հարցեր, յատկապէս ինչ կը վերաբերի այդ անցքէն լիբանանեան բեռնատարներու երթեւեկին:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի գնահատեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով, որ Պասիլի կատարած շրջապտոյտը ուղղակի հարուած էր իսրայէլեան զրպարտութիւններուն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Մաուրիսիօ Ալիսի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն կոչ ուղղեց կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն շրջագիծին մէջ յարգելու երեսփոխանական պլոքներուն չափաբաժինները:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ շեշտեց, որ մեծամասնական կառավարութեան կազմութեան կարելիութիւն չկայ, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կտրականապէս կը մերժէ այդ տարբերակը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը պէտք է պաշտպանել, որովհետեւ անիկա ազգային անշեղ սկզբունք է:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ բրիտանական դեսպանատան հետ գործակցութեան միջոցները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին վերաբերող ներքին եւ արտաքին հարցերը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի իսրայէլեան սպառնալիքներուն եւ Լիբանանի վրայ անոնց հետեւանքներուն:

ՎԱՏԻԿԱՆԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ ինք Վատիկանի մօտ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով Լիբանանին զօրակցութիւն ապահովէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան պատասխանատուներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ Հըզպալլայի եւ անոնց միջեւ գործակցութիւնը կարելի է զանազան բնագաւառներու մէջ, ինչպէս` փտածութեան դէմ պայքարը:

 

Նախորդը

Փենթակոն. «Սուրիոյ Մէջ Եփրատի Արեւելեան Ափի Իրանեան Հրթիռակոծումը Անպատասխանատու Քայլ Մըն Էր»

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. Լիբանանի Շահերը Միասնականութիւն Կ՛ենթադրեն, Ինչպէս Որ Էր Պարագան` Ահաբեկչութեան Դէմ Մղուած Պայքարին Ժամանակ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.