Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆանարի Մէջ. Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 27-ամեակին Նուիրուած Խրախճանք- Տօնատակարութիւն

October 3, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 27-ամեակին առիթով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, շաբաթ, 22 սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, Ֆանարի Լէյլաւանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն-խրախճանք` ներկայութեամբ շուրջ երեք հարիւր հայորդիներու, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանին, շրջանի մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովրդային բազմութեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, հաւաքի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի հերթապահ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ վերանկախացած 27-ամեայ  Հայաստանի Հանրապետութեան թելադրանքն է առանց ճաշակի, տեսակի եւ գոյնի խտրութեան մասնակից դառնալ պետականաշինութեան եւ վերակառուցման աշխատանքներուն, պահպանել ազգային եւ հոգեւոր արժէքները, տէր կանգնիլ մշակութային ժառանգութեան եւ որակաւոր ուսում ապահովել նորահաս սերունդին:

Տեմիրճեան ըսաւ. «Մեզի համար սեւ եւ ճերմակ գոյութիւն չունի, այլ միայն կան երեք գոյներ` կարմիրը, կապոյտը եւ նարնջագոյնը, որոնք անջատաբար ոչ մէկ արժէք ունին եւ միացուած մէկ ամբողջականութիւն են: Եռագոյնին մէջ կը կայանայ մեր պահանջատիրութեան էութիւնը, Եռագոյնին համար հարիւրաւոր երիտասարդներ նահատակուեցան եւ Եռագոյնով վաղը պիտի ազատագրուի ամբողջական Հայաստանը:

Ապա ելոյթ ունեցաւ յատուկ նշեալ տօնակատարութեան համար Հայաստանէն հրաւիրուած երգչուհի Նարէ Գէորգեան, որ ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:

Իր կարգին, խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ նշեց, թէ նշեալ նախաձեռնութիւնը իր բնոյթով եւ կազմակերպուածութեամբ եզակի է: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը շրջադարձային իրականութիւն է հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան մէջ, որ կարիքը ունի մշտական արժեւորման: Մկրտչեան ըսաւ, թէ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան 27 տարիները հարիւրին մաս կը կազմէ, որովհետեւ մեր պետականութիւնը սկսած է 100 տարի առաջ:

Դեսպան Մկրտչեան յայտնեց, որ անկախ պետականութեան գլխաւոր խորհուրդը հայակեդրոնութիւնն է, հայրենիքին շուրջ հայութեան համախմբուածութիւնն է, որովհետեւ հզօր եւ անկախ պետականութեամբ միայն կարելի է  իրականացնել հայահաւաք: Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Մենք պիտի շարունակենք մեր ջանքերը եւ պայքարը` վերադարձնելու մեզ օրինականօրէն պատկանող տարածքները եւ կարելիութիւնները»:

Խրախճանք-տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ ճոխ եւ յաղթանակի մթնոլորտի մէջ` մասնակցութեամբ հայրենի երգչուհիին եւ լիբանանահայ երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեանին, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին:

 

 

 

Նախորդը

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Ժընեւ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.