ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ամսուան առաջին օրերը աշխուժ կ՛երեւիք: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք, կամ` կարեւոր ուսումնասիրութիւն մը: Դժուար հարցեր պիտի քննարկէք եւ նոր միտքեր պիտի առաջարկէք: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Զօրաւոր բախտ պիտի ունենաք. նախընտրելի է զայն օգտագործել սխալէն ձերբազատելու համար եւ ձեր յարաբերութիւնները ուղղելու համար: Դրամական խնդիրներ պիտի ունենաք: Մէկը ձեզմէ պարտքի դրամ կամ օժանդակութիւն պիտի խնդրէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Պատասխան մը պիտի ստանաք ամսուան առաջին օրերուն: Աշխուժօրէն պիտի աշխատիք տեսութիւն մը գործադրել: Կը փափաքիք նորութիւն մտցնել ձեր կեանքին մէջ: Ուրախ եւ համարձակ կ՛երեւիք նոր քայլեր առնելու մէջ: Նոր էջ մը պիտի բանաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ամսուան սկիզբի հանդարտութիւնը օգտագործեցէք վերատեսութեան ենթարկելու համար ձեր հաշիւները եւ ձերբազատելու այն հարցերէն, որոնք օգտակար չեն ձեզի: Յուսահատեցնող շրջան մըն է: Անձի մը հետ պիտի վիճաբանիք, զգուշ եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Հարցի մը վրայ պիտի աշխատիք ամսուան առաջին օրը: Եթէ կ՛ուզէք յաջողիլ, պէտք է գործակցիք ուրիշներու հետ: Դրական ազդեցութիւններ եւ նոր ծանօթութիւն մը պիտի ունենաք: Պիտի ուրախանաք, որովհետեւ ձեր շուրջինները ձեր հարցը պիտի հասկնան:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Դիտողութիւններ եւ քննադատութիւններ մի՛ կատարէք ձեր դիմացինին: Քմահաճ մի՛ ըլլաք ամսուն առաջին օրը: Քննութեան ժամադրութիւն մը ունիք: Ամսականի յաւելում պիտի ստանաք կամ շահ մը պիտի ապահովէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Յառաջդիմութիւն մը եւ մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք ամսուան առաջին օրը: Ձեզ հետաքրքրող նիւթեր քննարկելու յարմար շրջան է: Ինքնավստահ պիտի դառնաք, եւ արժէքաւոր առիթ մը պիտի ընձեռուի ձեզի:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մանրամասնութիւնները քննեցէք, որպէսզի սխալի մէջ չիյնաք ամսուան առաջին օրերուն: Հարցերէ խուսափեցէք: Քննարկեցէք եւ ձեր իրաւունքները պաշտպանեցէք: Դուք գործակցութեան եւ զօրակցութեան կարիք ունիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Հարցերը պիտի բարդանան ամսուան առաջին օրը: Ձեր դժուարութիւններուն վրայ ուշադրութիւն մի՛ հրաւիրէք: Պայմանները պիտի հակառակին ձեզի: Պիտի զայրանաք ու ջղայնանաք: Այս ամիսը հարուստ պիտի ըլլայ իր յաջող պահերով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Պատասխանատուութիւնները պիտի շատնան ամսուան առաջին օրերուն: Ժամանակը թոյլ պիտի չտայ, որ դուք պարապ ժամանակ անցընէք: Այս շրջանը ձեզմէ կը պահանջէ, որ պատրաստ ըլլաք ֆիզիքապէս եւ պատասխանատուութիւն զգաք: Ուշադիր եղէք առողջական խնդիրներէն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Բոլոր մարզերուն մէջ դրական շրջան մըն է: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է: Ընկերային եւ աշխատանքային գետնի վրայ յաջողութիւն պիտի արձանագրէք: Անակնկալ ծանօթութիւններ պիտի ունենաք, թերեւս ալ գտնէք ձեր կեանքի ընկերը:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պատասխանատուութիւններու մէջ մի՛ թերանաք ամսուան առաջին օրերուն: Ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով պիտի մտահոգուիք: Մի՛ յուսահատիք, այլ լաւատեսութեամբ զինուեցէք: Մանրամասնութիւններու մէջ մի՛ մտնէք ու դուք ձեզ մի՛ յոգնեցնէք:
