Ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2018-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ մասնաճիւղը լիբանանեան մարզական մամուլին ընդմէջէն ֆութպոլասէր եւ մարզասէր հասարակութեան ուղղուեցաւ հետեւեալ հաղորդագրութեամբ.
«Այս հաղորդագրութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութ կու գայ յստակացնելու, թէ Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ-Նահտա Պար Էլիաս մրցումէն ետք պատահած միջադէպը մերժելի է մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, որ ամբողջութեամբ կը դատապարտէ զայն:
«Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այդ մրցումէն ետք երկու խումբերուն համակիրներուն միջեւ պատահածը անընդունելի է, եւ 100 տարի առաջ հիմնուած ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը կը վկայէ, որ մենք դէմ ենք մարզադաշտերուն մէջ բռնութեան որեւէ արարքի:
«Այս ծիրին մէջ, կու գանք ընդգծելու մեր սերտ յարաբերութիւնը Նահտա Պար Էլիաս ակումբին հետ եւ կոչ կ՛ուղղենք Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին լուծելու մրցումի ընթացքին յառաջացած կազմակերպական թերութիւնը, մասնաւորապէս ապահովութիւնը պահպանելու իմաստով, ինչպէս որ կը պատահի այլ մարզադաշտերու մէջ:
«Դարձեալ կու գանք դատապարտելու միջադէպը եւ կ՛ընդգծենք, որ մեր առաքելութիւնը մարզական ոգին է` յաղթելու թէ պարտուելու պարագային:
«Բոլոր անոնց, որոնք վիրաւորուեցան այդ միջադէպին ընթացքին, կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում:
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ


