Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին զօրաւորագոյն եւ ամէնէն շատ ֆութպոլի աշխարհին մէջ իրագործումներ կատարած երկու կազմերը` Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ, դարձեալ չյաղթեցին իրենց մրցակիցներուն եւ արձանագրեցին հաւասարութիւններ` յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով:
Սպանացի յառաջապահ Մունիր Հատատիի նշանակած կոլը` 84-րդ վայրկեանին, Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ (1-1), Պարսելոնան փրկեց պարտութենէ մը: Օսքար Տէ Մարքոս նշանակեց Պիլպաոյի կոլը (41-րդ):
Ինչ կը վերաբերի մատրիտեան տերպիին, Ռէալ Մատրիտ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ:


