Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախը Կ՛ողջունէ Շփման Գիծին Մէջ Լարուածութիւնը Թուլացնելու Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Պայմանաւորուածութիւնը

October 1, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութիւնը շփման գիծին մէջ լարուածութեան նուազեցման վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պայմանաւորուածութիւնը կ՛ողջունէ, բայց հարցին որոշ վերապահութեամբ կը մօտենայ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան:

«Եթէ քաղաքական գնահատական տանք, հետաքրքրական եւ ողջունելի զարգացում է: Այն երեք կէտերը, որոնց շուրջ պայմանաւորուած են, շատ կարեւոր են: Սակայն այստեղ կայ վերապահութիւն, որ Ալիեւին եւ առհասարակ ազրպէյճանական ղեկավարութեան ամբողջապէս վստահիլը ճիշդ չէ, որովհետեւ ամէնէն նենգ ձեւով, ամէնէն անյարմար պահուն անոնք կրնան որեւէ պայմանաւորուածութիւն խախտել, ինչ որ  ցոյց տուած է փորձառութիւնը: Այնուամենայնիւ, յուսանք, որ այս անգամ դրական ինչ որ ազդեցութիւն կը ձգէ այս պայմանաւորուածութիւնը», նշեց Բաբայեան:

Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը նշեց, որ կարճ ժամանակի ընթացքին որեւէ փոփոխութիւն պէտք չէ ակնկալել:

«Պէտք է սպասել: Այս պայմանաւորուածութիւնը մենք պէտք է դիտարկենք ոչ թէ երկու ժամուան կամ մէկ-երկու օրուան կտրուածքով, այլ երկարատեւ», ըսաւ ան:

Դաւիթ Բաբայեանի համաձայն, պայմանաւորուածութեան վերաբերեալ Ալիեւի համաձայնութիւնը կրնայ կախեալ ըլլալ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան նկատմամբ տարբեր ատեաններու ճնշումներէն:

«Հետաքրքրական է, որ անկէ առաջ համանախագահները շատ կարծր յայտարարութիւն կատարեցին: Վստահաբար, անիկա նախ եւ առաջ ուղղուած էր Ազրպէյճանին, որովհետեւ այդ կողմն է զինադադարի դրութիւնը խախտողը, եւ հետաքրքրական զուգադիպութիւն է, որ Ռուսիոյ  նախագահը պաշտօնական տեսանկիւնէ ծանօթացուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները: Նկատի առնելով, որ Ռուսիան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներէն մէկն է, չի բացառուիր, որ Ալիեւը շատ առանձնայատուկ դրութեան մէջ մտած է, որ կայ  բաւական մեծ ճնշում անոր վրայ, եւ պատեհ առիթ գտած է ե՛ւ ծանօթանալու Հայաստանի Հանրապետութեան նոր ղեկավարին, ե՛ւ ինքզինք ցոյց տալու, իբրեւ կառուցողական կողմ», նշեց Դաւիթ Բաբայեան:

Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը, այնուամենայնիւ, նշեց, որ այս ընթացքին իրավիճակը սահմանին վրայ կայուն է:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Արցախի Գրասենեակին Մէջ Հիւրընկալուեցան Էլենի Թէոխարուսը Եւ Կիպրոսի Խորհրդարանի Անդամները

Յաջորդը

Կիրակի, 7 Հոկտեմբերին. Աղջկանց Մարաթոն` «Պիել»-Էն Մանարա

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.