28 սեպտեմբեր 2018-ին ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակին մէջ հիւրընկալուեցան Արցախ գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Էլենի Թէոխարուսը, Կիպրոսի խորհրդարանի անդամներ Եորկոս Փերտիկիսը, Միքայիս Կիորկալասը եւ ՀՅԴ Կիպրոսի ներկայացուցիչ Նայիրի Մուրատեանը:
Արցախ հասած պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեան:
Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները` ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի գլխաւորութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրացուցիչ ընտրութիւններուն մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածու, ՀՅԴ անդամ Ալեոնա Գրիգորեանը եւ Արցախի Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի փորձագէտ Սիրանուշ Սարգսեանը:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան բարձր գնահատեց Է. Թէոխարուսի գործունէութիւնը` Արցախի ժողովուրդի արդար պահանջները եւրոպական ատեաններուն վրայ ներկայացնելու եւ պաշտպանելու գործին մէջ:
Էլենի Թեոխարուս իր կարգին նշեց, որ պիտի փորձեն բարձրացնել Կիպրոսի մէջ Արցախի մասին իրազեկուածութիւնը եւ, զուգահեռներ կատարելով Կիպրոսի եւ Արցախի միջեւ, աւելցուց. «Ձեր արդար գործին մէջ աշխատեցէք թոյլ չտալ այն սխալները, որոնք եղան Կիպրոսի մէջ` ժամանակին համահունչ կատարելով բոլոր քայլերը»:
Հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ համագործակցութեան հաւանական ուղիները եւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:



