ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
9 սեպտեմբեր 2018-ին լրացան Սպանիոյ ընկերվարական վարչապետ Փետրօ Սանչեզի կառավարման 100 օրերը:
2 յունիս 2018-ին Սպանիոյ Ընկերվար բանուորներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Փետրօ Սանչեզը երդման արարողութիւն կատարեց` դառնալով Սպանիոյ առաջին վարչապետը, որ կը նշանակուի` անվստահութեան քուէ ներկայացնելով պահպանողական վարչապետ Մարիանօ Ռախոյին դէմ, անոր փտածութեամբ ամբաստանուելուն պատճառով: Սանչեզ Ռախոյին դէմ անվստահութիւն յայտնելու վերաբերեալ իր առաջադրանքին աջակցութիւնը ստացաւ արմատական ձախ «Փոտեմոս» եւ քաթալանական ու պասքերու ազգայնական կուսակցութիւններէն, ապա կառավարութիւն կազմեց` «վստահութիւն եւ մատուցում»-ի («վստահութիւն եւ մատուցում» խորհրդարանական ժողովրդավարական համակարգին մէջ կը նշանակէ առանց կառավարութեան կազմին մաս կազմելու` խորհրդարանին մէջ կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն թեր քուէարկել) հիման վրայ` յիշեալ ուժերուն հետ: Նաեւ` Սանչեզը եղաւ Սպանիոյ առաջին վարչապետը, որ իր երդմնակալութեան ժամանակ երդում չտուաւ Աստուածաշունչին վրայ:
2015-ին Սպանիոյ Ընկերվար բանուորներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութիւններու իր պայքարը տանելով եւ ներշնչուած ըլլալով քորպինեան ձախդարձէն` Սանչեզ վերջ դրաւ կուսակցութեան մէջ կեդրոնամէտ երրորդ ուղիի աշխարհայեացքին եւ Սպանիոյ Ընկերվար բանուորներու կուսակցութիւնը դարձուց այլընտրանք` պահպանողականներուն կողմէ վարուած խստամբերական քաղաքականութիւններուն:
Վարչապետութիւնը ստանձնելու առաջին իսկ օրէն Սանչեզ խոստացաւ, որ վերջ պիտի դնէ խստամբերականութեան, որ իր կարգին պատճառ դարձաւ Սպանիոյ մէջ աղքատութեան եւ անգործութեան աճին: Ընկերվար բանուորներու կուսակցութիւնը իր կարգին առաջադրեց 10 համաձայնագիրներ, որոնք կրնան փոխել Սպանիան: Այդ համաձայնագիրները կը վերաբերին թոշակառուներուն, կրթութեան, սեռային հաւասարութեան, վարչական ինքնավարութեան, կլիմային, երիտասարդութեան, գիտութեան, աշխատանքին, աշխատավարձերուն եւ սահմանադրութեան:
Ճիշդ է, որ ընկերվարականները միայն 100 օրէ ի վեր ստանձնած են կառավարութիւնը, բայց այդ 100 օրուան ընթացքին անոնք յաջողեցան վերջ տալ խստամբերութեան, վերահաստատել պետութեան սեփականատիրութիւնը` առողջապահական մարզին նկատմամբ, վերջ տալ հանրային բնակարաններու սեփականաշնորհման, անբուժելի հիւանդութեամբ տառապող մարդիկը ցաւերէ փրկելու համար կեանքէ զրկելը ապաքրէականացնել եւ հաստատել Սպանիոյ պատրաստակամութիւնը, որ վերջ տայ որոշ ընկերութիւններու հարկային ներումներուն, ինչպէս նաեւ` աշխատիլ, որպէսզի փակուին հարկերէ խուսափումի միջոցներն ու կեդրոնները:
Նպատակ ունենալով ազատել Սպանիան Ֆրանքոյական ֆաշականութեան ժառանգութենէն` կառավարութիւնը արգիլեց եւ հանրային հաստատութիւններէն սկսաւ ջնջել բոլոր այն խորհրդանիշները, որոնք կապ ունին Ֆրանքոյին հետ: Հակաֆաշականութեան պայքարի մեծագոյն յաղթանակը արձանագրեց ընկերվարական կառավարութիւնը` Ֆրանքոյի աճիւնները դուրս հանելով գերեզմանէն եւ այդ շքեղ գերեզմանը նուիրելով ֆաշական համակարգին զոհ գացած անհատներու:
Իր կառավարման 100 օրերուն ընթացքին Սանչեզ նախ կազմեց իր կառավարութեան նախարարութիւնները` հիմնուած ըլլալով հաւասարութեան վրայ: Կառավարութիւնը բաղկացած է 11 կիներէ եւ 6 տղամարդոցմէ: Անիկա Սպանիոյ պատմութեան մէջ առաջին կառավարութիւնն է, որ հիմնուած է սեռային հաւասարութեան վրայ, նաեւ կան նախարարներ, որոնք ունին տարբեր ցեղային պատկանելիութիւններ (քաթալան եւ պասք): Ընկերվար բանուորներու կուսակցութիւնը նաեւ խոստացաւ, որ պիտի ապահովէ հաւասար աշխատավարձ երկու սեռերուն եւ պիտի պայքարի ընդդէմ սեռային բռնութեան: Եւրոպական հարցերու նախարար Խոսեփ Պորել յայտարարեց, որ ընկերվարական կառավարութիւնը պիտի հետապնդէ Սպանիոյ աշխարհիկացման հարցը եւ վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Սպանիա-Վատիկան համաձայնութիւնները` դատական, կրթական եւ մշակութային մարզերուն մէջ: Անդրադառնալով նոյն նիւթին` Սանչեզ խոստացած է, որ հանրային հաստատութիւններէն պիտի ջնջէ կրօնական խորհրդանիշները:
Ինչ կը վերաբերի արտաքին քաղաքականութեան, Սանչեզ յայտնեց, որ պատրաստ է քաջալերելու խաղաղութեան համաձայնութիւնը Քոլոմպիոյ եւ ապստամբ «Ազգային ազատագրութիւն բանակ»-ին միջեւ, նաեւ Վենեզուելայի քաղաքական ճգնաժամի լուծումը կը տեսնէ քաղաքական երկխօսութեան մէջ: Ինչ կը վերաբերի գաղթականներու ճգնաժամին, Սանչեզ դատապարտած է միակողմանիութիւնն ու հռետորաբանութիւնը եւրոպական այն կառավարութիւններուն, որոնք մերժած են դիմաւորել գաղթականներ: Նաեւ կ՛արժէ նշել, որ վարչապետ Սանչեզը Սպանիոյ ծովափը բացաւ 630 գաղթականներով բեռնաւորուած այն նաւուն առջեւ, որուն արգիլուած էր մուտք գործել իտալական սահմաններէն ներս, եւ որ մէկ շաբաթ մնաց ծովուն մէջ:
100 օրերու ընթացքին այսքան բարեկարգումներ կատարելով ընկերային-տնտեսական, արտաքին քաղաքականութեան եւ մարդասիրական աշխատանքներու մարզերուն մէջ` Սանչեզ հետզհետէ կը յաջողի փաստել, որ ձախը կրնայ դառնալ այլընտրանք նոր-ազատական խստամբերական քաղաքականութիւններուն` իբրեւ տնտեսական ճգնաժամերու լուծման ուղի:



