Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէն եւ կրթութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կրթութեան մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր: Ան նշեց, որ ժամացոյցներու սարքաւորումէն ետք, ելեկտրածին շարժակներէ ստացած իր ելեկտրականութեան համար բաժանորդագրուած լիբանանցին 30-50 առ հարիւր նուազ պիտի վճարէ, քան ինչ որ ժամացոյցներու տեղադրումէն առաջ կը վճարէր:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց Լիբանանի անշեղ կեցուածքները թշնամիի բռնարարքներուն եւ գործած ոտնձգութիւններուն դէմ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի շեշտեց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ կառավարութիւն կազմել` աւելցնելով, որ ելեկտրականութիւն հայթայթող ելեկտրածին շարժակներու այն սեփականատէրերը, որոնք կը մերժեն ժամացոյցի դրութիւնը, պիտի գտնուին դատական գործի դիմաց:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ երկրին սահմանադրութեան համաձայն, կառավարութիւնը չի գործեր արդէն, իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դերակատարութիւնն է պաշտպանել ժողովրդավարական վարչակարգը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախագահական պալատին աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպումը մօտալուտ է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, նախագահ Աունի Լիբանան վերադարձէն ետք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տարբեր տեսակի խորհրդակցութիւններու հիման վրայ կը կատարուի:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան իմաստով լաւատեսութիւնը առկայ է` շաբաթներ տեւած սառած իրավիճակէն ետք:

 

Նախորդը

Փութին-Ալիեւ Հանդիպում

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Դեսպանը Կը Հաստատէ Լիբանանի Նկատմամբ Լոնտոնի Օժանդակութիւնները Շարունակելու Յանձնառութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.