Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (1 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

December 1, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՆԴԿԱՀԱՅՈՑ ՆՊԱՍՏԸ
ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ

Հայկազեան քոլեճի հայագիտական դասախօսութեանց շարքէն երկրորդը տեղի ունեցաւ նախորդ երկուշաբթի: Դասախօսն էր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, հմուտ ուսումնասիրող դաստիարակ մը միանգամայն:

Որպէս նիւթ ընտրած էր «Հնդկահայոց նպաստը` հայ մշակոյթին» խիստ հետաքրքրական նիւթը: Կրցաւ այս ընդարձակ նիւթը սեղմ գիծերով ներկայացնել մեզի: Նախ ամփոփ կէտերու մէջ տուաւ գաղութին պատմականը: Նշեց, որ հնդկահայ մշակոյթին թափանցելու համար պէտք է հասկնալ Մատրասի հնդկահայ մշակոյթ, որովհետեւ այդ քաղաքին փոքրաթիւ հայութիւնն է, որ տուած է մեզի մշակոյթ մը, որ զարգացած է 1770-1825-ական թուականներուն:

Առաջին հայը, որ կը յիշուի Հնդկաստանի մէջ Մար Թովմա Կանս անունով հայ մըն է, որ գացած էր քրիստոնէութիւնը քարոզելու: Իսկ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան կ՛ըսէ, թէ ԺԶ. դարուն հայ վաճառականներ կային Մատրասի եւ Կօաի մէջ: 1664-ին Մատրասի քաղաքապետը Մարկոս Ըռըզար անունով հայ մը եղած է, իսկ 1698-ին Ղգազնօ անունով ուրիշ հայ մը:

Շահ Աբբասի օրով դէպի Պարսկաստան բռնի գաղթած հայերէն ոմանք Հնդկաստան կ՛անցնին, ուր կարելի էր վաճառականութեամբ զբաղիլ: Ասոնք եղած են բուն գաղութը կազմողները:

Գալով մշակոյթին, դասախօսը թուեց երեք կէտեր, որոնք անհրաժեշտ են` կերտելու համար զայն.- նախ տնտեսական որոշ բարձր դիրք մը, ապա գաղափար, եւ այս երկուքը իրարու շաղախող իտէալ:

Մատրասահայերը նիւթապէս բարգաւաճ վիճակի մը տիրացած էին շնորհիւ իրենց վաճառականական ոգիին: Իսկ գաղափարներ կը բերուէին դուրսէն դարձեալ վաճառականներու կողմէ, եւ կ՛իւրացուէին: Իսկ որպէս իտէալ ունէին հայրենիքը եւ անոր անկախութիւնը: Մատրասահայութեան մէջ հայրենասիրութեան ոգին միշտ բարձր մնաց, եւ այդ է պատճառը, որ 298 հոգինոց – 61 ընտանիք – գաղութ մը մեզի կու տայ անգնահատելի մշակոյթ մը:

Կարելի է հնդկահայոց մշակոյթը բաժնել հինգ ճիւղերու.-

Ա.- Բարեսիրական – Այս մարզին մէջ կը յիշուի Խօճա Պետրոս Ոսկեանը, որ Սարեար գետին վրայ կամուրջ մը շինել կու տայ, եւ երկու սանդուխներ` մէկը 133, իսկ միւսը 160 աստիճաններով: Մահուան անկողնին մէջ իր ունեցածը կը կտակէ Էջմիածնի, Երուսաղէմի եւ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքերուն, ինչպէս նաեւ Վատիկանին եւ Մեքքէին… Դարձեալ հարստութեան մեծ մասը կը թողու Նոր Ջուղայի ազգային հաստատութիւններուն:

Ուրիշ մը Գրիգոր Չաքեկեանց, Հայաստանի մէջ առաջին տպարանին նուիրատուն կ՛ըլլայ, 1771-ին, իսկ 1776-ին` առաջին թուղթի գործարանին:

Իսկ Շահիմեաններու եւ Ղարամեաններու մեկենասութեամբ լոյս կը տեսնեն հայր Չամիչեանի «Հայոց պատմութիւնը» եւ հայր Ինճեճեանի «Հնախօսութիւն Հայաստանին»-ը,

Գրիգոր Խալդարեանց Փեթերսպուրկի մէջ կը հիմնէ հայկական առաջին տպարանը 1781-ին, որ Նոր Նախիջեւան կը փոխադրուի Յովսէփ արք. Արղութեանի կողմէ:

Կրթական գետնի վրայ օգնած են Կալկաթայի Մարդասիրական ճեմարանին, Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանին, եւ Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանին:

Բ.- Տպագրական.- Շահամէր Սուլթան Շահամէրեան կը բանայ առաջին հայ տպարանը Մատրասի մէջ 1772-ին: Իր որդւոյն Յակոբի անունով կը մկրտէր զայն:

Երկրորդ տպարանը բացողը կ՛ըլլայ Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան, որ մեր առաջին լրագրողը պիտի դառնար: Շմաւոնեան ինքը ձուլած է տառերը եւ տպած 12 գիրքեր:

ԺԹ. դարուն սկիզբը Կալկաթայի մէջ կային եօթը տպարաններ…

Գ.- Լրագրական.- 1794-ին Մատրասի մէջ լոյս կը տեսնէ մեր անդրանիկ թերթը «Ազդարար»-ը` հայր Շմաւոնեանի խմբագրութեամբը: Առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ հոկտեմբեր 16-ին` որպէս ամսագիր, Այս թերթին կ՛աշխատակցին Յովսէփ արք. Արղութեան եւ Ստեփանոս Յովհաննէս Գուլամերեան: Այս թերթը երկու տարուան կեանք կ՛ունենայ եւ 18 թիւ հրատարակուելէ վերջ կը փակուի նիւթական պատճառներով: Իսկ Հայր Շմաւոնեան կը վախճանի 1824-ին:

Դ.- Թատերական.- Հայ առաջին թատերգութիւններէն մին գրուած է Հնդկաստանի մէջ, եւ մէկ քանի անգամներ բեմադրուած: Կատակերգութիւն մըն է «Խարադիմայ Դժրողութեան» (1821) վերնագիրով:

Ե.- Քաղաքական.- Երկու մարդ ունի հնդկահայոց քաղաքականութիւնը.- Տեսական եւ գործնական: Ինք խօսեցաւ տեսական քաղաքականութեան մասին:

1772-ին չորս հոգինոց խմբակ մը տպարան մը կը հիմնէր, իր քաղաքական տեսակէտը տարածելու համար: Այս խումբին անդամներն էին. Շահամեր Սուլթանում Շահամերեան, իր զաւակը Յակոբ, Մովսէս Բաղրամեան, եւ Գրիգոր Չաքեկեան: Տպուած գիրքերուն մէջ կարեւորագոյններն են Բաղրամեանի «Յորդորակ»-ը եւ Յակոբ Շահամերեանի «Որոգայթ փառաց»-ը:

Դասախօսութենէն ետք ցոյց տուաւ մեզի «Ազդարար»-ի հինգերորդ թիւէն օրինակ մը:

Յաջորդ դասախօսն է Զարեհ Մելքոնեան, որ դրական նիւթ մը պիտի ներկայացնէ:

Գ. ԱԲԷԼԵԱՆ

Նախորդը

Օդերեւոյթ (1 դեկտեմբեր 2011)

Յաջորդը

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ՎԱՐՊԵ՞Տ, ԹԷ՞ ԱՆՃԱՐԱԿ ՍՏՈՂ ԷՔ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.