Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան երէկ գիշեր իր մասնակցութիւնը բերաւ Արսենալի կատարած մրցումին, երբ անոր կազմը Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի Գ. հանգրուանին գծով ճակատեցաւ Պրենթֆորտի դէմ:
Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Մխիթարեան փոխարինուեցաւ 75-րդ վայրկեանին:
Արսենալ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց Դ. հանգրուանի իր տոմսը:



