ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Իրարանցումներէ եւ անհասկացողութիւններէ հեռու մնացէք: Բացասական շրջան մըն է` առանց բախտի եւ օգնութեան: Դուք ձեզ մինակ եւ յուսահատ պիտի գտնէք: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Արժանի էք գնահատանքի: Զուարճանալու առիթ պիտի ունենաք: Պիտի յաջողիք նոր զօրակցութիւն ձեռք ձգել: Մինակ մի՛ մնաք, ընկերներ փնտռեցէք: Այս օրերուն ճնշումները պիտի նուազին, եւ դուք պիտի հանգստանաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր կարծիքները կ՛արտայայտէք ազատութեամբ եւ համարձակութեամբ: Ձեր խելացութիւնը պիտի փրկէ ձեզ շատ մը հարցերէ: Հակասական զգացումներ պիտի ունենաք: Յարմար առիթ է` ձեր ընկերներուն օգնութեան ձեռք երկարելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Բաւական լաւ յաջողութիւն մը պիտի ունենաք: Լաւ ու բախտաբեր շրջան մըն է: Ճամբորդութիւն մը պիտի ունենաք եւ` նոր փորձառութիւն մը: Ընտանեկան եւ անձնական հարցեր պիտի ունենաք, հետեւաբար հանդարտ մնացէք` առանց զայրոյթի:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ուշադիր եղէք, որ անպարկեշտութեան մը զոհը չդառնաք: Աւելի ճկուն եղէք ձեր հանդիպումներուն եւ տեսակցութիւններուն ընթացքին: Քմահաճ ու քիչ մըն ալ ջղային կ՛երեւիք, ինչ որ բացասաբար պիտի ազդէ ձեր վրայ, եթէ չզսպէք ձեր ջիղերը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ժամանակը յարմար չէ հակառակելու տրուած տեղեկութիւններուն: Մասնագէտներուն կարծիքը հարցուցէք: Վիրաւորական խօսքեր մի՛ արտասանէք: Ձեր սուղ ժամանակը մի՛ վատնէք վիճաբանութիւններով: Պատրաստ եղէք միշտ ձեր կարծիքը տալու:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մանրամասնութիւնները սերտեցէք: Տեղ մի՛ տաք առեղծուածին: Աշխուժ եւ արդիւնաբեր շրջան մըն է, հետեւաբար մի՛ վատնէք ձեր ժամանակը: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Օրէնքները յարգեցէք: Արթուն եղէք ձեր սիրելիներուն հարցերով:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պզտիկ նեղութիւններ պիտի ունենաք ընտանեկան եւ անձնական կեանքին մէջ: Զայրոյթ եւ ջղայնութիւն պիտի զգաք: Ձեր ջիղերը զսպեցէք եւ դիտողութիւններ ու քննարկումներ մի՛ կատարէք ուրիշներու հասցէին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ընտանեկան հարց մը լուծելով պիտի զբաղիք: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ: Առիթ մի՛ տաք, որ ջղայնութիւնը ազդէ ձեր վրայ: Դժուար շրջան մըն է, բայց շուտով լուսինը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ձեր աշխատանքային եւ ընկերային կեանքին վրայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Առիթ մի՛ տաք ոեւէ մէկուն, որ վատութիւն ընէ ձեզի կամ նուազեցնէ ձեր իրաւասութիւններէն: Աշխատեցէք հաշտութիւն կնքել: Պիտի յաջողիք յաւելեալ շահ ապահովել կամ աշխատիլ կարեւոր ծրագիրի մը վրայ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Նիւթական հարցով մը պիտի զբաղիք: Ոչ կարեւոր ծախսերէ հեռու մնացէք: Լաւ դասաւորեցէք ձեր ժամանակը, որպէսզի ձեր պարտականութիւնները չդիզուին: Հոգ տարէք ձեր նիւթական եւ բարոյական վիճակին:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Յարմար շրջան մըն է` յաջողութիւններ արձանագրելու: Կը փափաքիք ուշադրութիւն գրաւել եւ բացասական վիճակը վերածել դրականի: Համբերող եւ հանդարտ եղէք: Մի՛ նեղացնէք մարդիկը, որպէսզի ձեր գործը չկորսնցնէք:
