Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Պրիւքսել-Ուաշինկթըն Յարաբերութիւններուն Մասին. «Մենք Միացեալ Նահանգներու Շարք Մը Որոշումներու Մասին Կը Տեղեկանանք «Թուիթըր»-Էն» Կ՛ըսէ Մաաս

September 26, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս գերմանական «Տի.Վի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին խօսած է Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցած եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ բացասական ազդեցութիւն ձգած կառուցուածքային փոփոխութիւններուն մասին:

Մաաս ընդգծած է, որ նախապէս կողմերուն միջեւ կարեւոր հարցերու շուրջ բազմաթիւ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենային, իսկ որոշումները կը կայացուէին բոլոր մակարդակներուն վրայ համաձայնութեան հիմամբ:

«Իսկ հիմա մենք Միացեալ Նահանգներու շարք մը որոշումներու մասին կը տեղեկանանք «Թուիթըր»-էն: Երբեմն մօտս այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ ամերիկացիներն ալ Սպիտակ տան որոշումներուն մասին կը տեղեկանան «Թուիթըր»-էն: Ատիկա կը փոխէ համագործակցութիւնը», ըսած է ան:

Մաաս յայտնած է, որ Եւրոպան Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է աւելի ինքնավստահ ըլլայ եւ ընտելանայ ներկայ կացութեան:

«Շատերը կը կարծեն, թէ կրնան քիչ մը սպասել, ու Թրամփը կը հեռանայ, սակայն այս տեսակէտը սխալ է: Անդրատլանտեան յարաբերութիւններուն մէջ տեղի կ՛ունենան կառուցուածքային փոփոխութիւններ, որոնք պիտի չվերանան նոյնիսկ Թրամփի երթալէն ետք: Այդ իսկ պատճառով Գերմանիան եւ յատկապէս Եւրոպան պէտք է ռազմավարական տեսանկիւնէն անոնց ընտելանան», եզրափակած է Մաաս:

Յիշեցնենք, որ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի յարաբերութիւնները լարուած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի հետ կնքուած համաձայնագիրէն դուրս գալուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութենէն Միացեալ Նահանգներ պողպատի եւ ալիւմինիոմի ներածման համար մաքսատուրքերու սահմանումին պատճառով:

 

Նախորդը

Պելճիքայի Վարչապետը «Անիրական» Կը Նկատէ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը

Յաջորդը

Մաթիս Կը Հերքէ Ահուազի Ահաբեկչութեան Իր Երկրին Մեղսակցութեան Վերաբերեալ Իրանի Մեղադրանքները

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.