Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Ազդանշանը Տրուեցաւ Կրթական Դրութեան Բարեփոխման Եռամեայ Ծրագիրին

September 26, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեպտեմբեր 14-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի անձնակազմը գումարեց իր առաջին` վերամուտի ընդհանուր ժողովը, «Ֆարաճեան» հանդիսասրահին մէջ:

Ժողովը բացուեցաւ Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի խորհրդածութիւններով: Մեկնելով կոյր մարդու բժշկութեան աւետարանական հրաշքի խորհուրդէն` ան անհրաժեշտ համարեց, որ մանկավարժները լաւապէս գիտակցին իրենց պաշտօնին, հասկնան աշակերտներուն կարիքները, գօտեպնդեն զանոնք ինքնավստահութեամբ, օգնեն բոլորին` ամրօրէն ոտքի մնալու գիտութեան ճամբուն վրայ եւ, ամենակարեւորը, արժանի ուշադրութիւն եւ հոգածութիւն ընծայեն ամենատկարներուն, որպէսզի անոնք չմնան լուսանցքի վրայ, այլ ընթանան բոլորին հետ միասին` բոլորին համար նախատեսուած զարգացման ուղիով:

Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ իր զեկոյցի առաջին մասով ընդհանուր գնահատականը կատարեց 2017-2018 տարեշրջանի գործունէութեան` դիտել տալով, որ վարժարանը պետական քննութիւններուն արձանագրեց շատ լաւ արդիւնքներ. ընդհանուր հաշուով քննութիւններուն ներկայացան բարձրագոյն եւ արհեստից վարժարաններու 124 աշակերտներ, որոնցմէ 119-ը յաջողեցան (համեմատութիւնը` 96 առ հարիւր):

Անդրադառնալով նոր տարեշրջանի նորութիւններուն` Կ. Գալուստ հաղորդեց, որ Մեսրոպեանի մէջ պիտի գործադրուի եռամեայ նոր ծրագիր մը, որուն նպատակն է արմատապէս բարեփոխել դպրոցին կրթական դրութիւնը: Ծրագրին ղեկավարն է Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մանկավարժութեան դասախօս, ուսուցման մեթոտաբան եւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան մասնագէտ դոկտ.  Քոլեթ Աունը, որ պաշտօնի կոչուած է որպէս կրթական հարցերու տնօրէնի խորհրդական: Ըստ այդ ծրագիրին, այս տարիէն սկսեալ անգլերէնը պիտի ուսուցանուի մանկապարտէզի առաջին դասարանէն սկսեալ` պահպանելով հանդերձ դպրոցի ֆրանսալեզու ուղղութիւնը, պիտի դասաւանդուի նոր նիւթ մը` կենցաղավարութիւն եւ բարի վարք, պիտի ամրապնդուի համակարգչային գիտութեան դասանիւթին նշանակութիւնը` բոլոր դասարաններուն պարագային, զարկ պիտի տրուի ուսուցման մէջ արհեստագիտութեան համարկումին, ինչպէս նաեւ` արհեստագիտական նիւթերու եւ «ռոպոթիքս»-ի ուսուցումին (գործակցաբար STEM-ի եւ Little Engineer-ի): Պիտի շարունակուի գործակցութիւնը համալսարաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` ուսուցիչներու վերապատրաստման, աշակերտներու զարգացման եւ ծնողներու խորհրդատուութեան մարզերուն մէջ: Պիտի շարունակեն գործել դպրոցական օրուան աւարտէն ետք ուսուցման ծրագիրները («Պիզի քիծ» եւ «Փիւնիկ»), շաբաթօրեայ խմբակները, արեւելումի եւ ընկերային-հոգեբանական խորհրդատուութեան գրասենեակները:

Կ. Գալուստ տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարին կը զուգադիպի Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին, եւ այդ առիթով տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ:

Մեսրոպեանի տնօրէնը կարեւոր նկատեց փոխադարձ յարգանքի, նախաձեռնողական ոգիի, անկեղծութեան, կարգ ու կանոնի, հետեւողականութեան, հանդուրժողականութեան, գործակցութեան եւ լայնախոհութեան առկայութիւնն ու ամրապնդումը ուսուցիչներուն մօտ` յանուն աշակերտներու լաւագոյն կրթութեան եւ դաստիարակութեան: Ան շեշտեց, որ նման պայմաններու մէջ Մեսրոպեանի անձնակազմի անդամները ի վիճակի են սպասուած արդիւնքները արձանագրել` վարժարանը առաջնորդելով վերելքի ճանապարհով:

Ժողովի երկրորդ մասով դոկտ.  Քոլեթ Աունը Մեսրոպեանի ուսուցիչներուն հետ կայացուց առանձին հանդիպում մը, որուն ընթացքին հանգամանօրէն ներկայացուց կրթական բարեփոխումներուն նպատակները, առանցքային ուղղութիւններն ու գործադրութեան եղանակները:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին. Մուսա Լերան Հերոսամարտի 103-ամեակին Առիթով Տոհմիկ Երեկոյ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.