Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով տեղքայլ կայ: Ան նշեց, որ կան շարք մը կարեւոր օրինագիծեր, որոնք խորհրդարանին կողմէ պիտի վաւերացուին խորհրդարանի օրէնսդրական երկօրեայ նիստին ընթացքին: Նշենք, որ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ: Քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն վերաբերող հարցեր:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կարելի չէ կապել արտաքին տուեալներու հետ, «յատկապէս երբ անոնք ի նպաստ մեր շահերուն պիտի փոխուին», ըսաւ ան:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառավարութեան մէջ իր արժանի չափաբաժինէն շատ աւելի նուազը կը ստանայ, իսկ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ ոմանց կողմէ ներկայացուած չափազանցուած պահանջներուն պատճառով:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ յաջորդ կառավարութիւնը պէտք է ներկայ իշխանութեան քաղաքականութեան գործադիր մեքանիզմին վերածուի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը մէկ չափանիշի հիման վրայ պէտք է ճշդուած ըլլայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն արդար իրաւունքը յարգելու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շիի կամ որեւէ այլ համայնքի նախարար ունենայ իր չափաբաժինին մէջ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին կազմելու կառավարութիւն մը եւ վերջ տալու արձանագրուած տեղքայլին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է մշակէ բարեկարգումի ծրագիր մը` փտածութեան դէմ եւ մսխումին վերջ տալու համար պայքարելու նպատակով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էլի Մարունի հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը քրիստոնեայ համայնքին տրամադրուած բոլոր դիրքերուն տիրանալու բուռն ցանկութիւն ունի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց վաւերացնելու պետական մակարդակով վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ աշխատանքը` քաղաքական խեղդուածութենէ ազատագրելու համար քաղաքացիներուն շահերը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի նախագահ Շարլ Ժապպուր յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ինքզինք եւ իր հոսանքը կ՛առաջնորդէ դէպի մեկուսացում:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Սերժ Տաղեր յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի սնանկացում, իսկ բնակարանային վարկերու, ելեկտրականութեան եւ աղբի տագնապները պիտի մնան անլոյծ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան մասին բանակցութիւնները կանգ առած են: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այցելուներէն, հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահը մինչեւ վերջ պիտի չսպասէ եւ վերջնական որոշումը պիտի տայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին ոչ ոք կը խօսի եւ կը բանակցի իրենց հետ:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Սուրիոյ Մէջ Պայքարիլ Քրտական Կազմաւորումներուն Դէմ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Հուք. «Իրան Հըզպալլային 700 Միլիոն Տոլար Կը Յատկացնէ Տարեկան Դրութեամբ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.