Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշիր Ժեմայէլի Նահատակութեան 36-րդ Յիշատակի Նշում

September 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի սպանութեան 36-րդ տարելիցին առիթով երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան Էշրեֆիէի կեդրոնին մէջ գտնուող նահատակաց յուշարձանին ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ` 14 սեպտեմբերի նահատակներու յիշատակին նուիրուած:

Այս առիթով, նահատակ նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի որդին` երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ հաստատեց, որ իր հօր եւ անոր ընկերակիցներուն թափած արեան շնորհիւ իրականացած է երկրին ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը:

Ժեմայէլ ընդգծեց, թէ ժամանակն է արդէն, որ իրականացուի Պաշիրի երազը, այլ խօսքով` բոլոր լիբանանցիներուն համար կերտուի երկիր մը, պահպանելով քաղաքացիներուն ազատութիւնն ու հաւասարութիւնը:

«Մենք Պաշիրի զաւակները, անոր դատին ժառանգորդներն ենք, եւ իբրեւ այդպիսին մենք կը կրենք անոր դրօշը եւ կ՛աշխատինք իրականացնել անոր երազը: Լիբանանցիները կարիքը ունին այնպիսի անձնաւորութեան, որ ամէն ինչ նուիրէ պետութեան, եւ ոչ թէ պետութենէն օգուտ ձեռք ձգէ յանուն իր անձնական շահերուն», ըսաւ ան:

Նետիմ Ժեմայէլ ողջունեց դատական իշխանութիւնները եւ բոլոր յանդուգն դատաւորները, որոնք Պաշիր Ժեմայէլը սպաննողները դատապարտեցին մահապատիժի, «եւ այս իմաստով մեր հայեացքները կ՛ուղղենք Միջազգային դատական ատեանին, ուր կը գտնուի արդարութիւնը գործադրելու յոյսը», եզրափակեց Ժեմայէլ:

Երեկոյեան Պիքֆայայի Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Պաշիր Ժեմայէլի նահատակութեան յիշատակին առիթով, ապա Ժեմայէլի ընտանիքը մոմերով եկեղեցիէն ուղղուեցաւ ընտանեկան դամբարանը, ուր զետեղեց ծաղկեպսակներ:

Նախորդը

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեան. Ամբաստանող Կողմը Աւարտեց Իր Ատենախօսութիւնները` Չորս Ամբաստանեալները Նկատելով Յանցապարտներ

Յաջորդը

Արտաքին Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Կեդրոն

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.