Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը Հակակշիռի Տակ Է Եւ Անիկա Լաւագոյնն Է` Շրջանի Եւ Աշխարհի Երկիրներուն Մէջ» Շեշտեց Հաթեմ Մալլաք

September 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաք այցելեց Պաթրուն, ուր ստուգեց հիւսիսային Լիբանանի մէջ բանակի թնդանօթային 12-րդ ջոկատի կեդրոնը, ուր ծանօթացաւ բանակի զօրամասերուն եւ անոնց աշխատանքներուն: Ան հանդիպում մը ունեցաւ սպաներուն եւ բանակայիններուն հետ, որոնց փոխանցեց հարկ եղած ցուցմունքները:

Մալլաք դրուատեց «Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութեան մէջ այդ ջոկատին մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր պատրաստ վիճակը` պաշտպանելու համար իր դիրքաւորուած շրջաններուն կայունութիւնը:

Մալլաք բարձր գնահատեց նաեւ նոյն ջոկատին կողմէ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ է եւ անիկա լաւագոյնն է` շրջանի եւ աշխարհի երկիրներուն մէջ: «Այս իրականութիւնը կը պարտինք ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին արձանագրած յաջողութեան, ինչպէս նաեւ երկրին դէմ սպառնացող վտանգներու դիմագրաւումին», հաստատեց Մալլաք:

Իր խօսքի աւարտին Մալլաք կոչ ուղղեց բանակին յանձնառու մնալու լիբանանցիներու անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ արթուն հետեւելու լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ կազմակերպուած ոճիրներ գործողներուն:

Մալլաք այցելեց նաեւ Պէյրութի Մանարա շրջանի բանակի արագ միջամտութեան Գ. ջոկատի զօրանոցը, ուր հետեւեցաւ ջոկատին մարզումներուն եւ ստանձնած ապահովական պարտականութիւններուն:

Մալլաք ողջունեց ջոկատին ջանքերը` մայրաքաղաք Պէյրութի ապահովութիւնը պաշտպանելու գծով, ինչպէս նաեւ գնահատեց Պէյրութի պետական կառոյցներուն եւ սեփական վաճառատուներուն պահպանումն ու քաղաքայիններուն անվտանգութեան հսկողութիւնը:

«Լիբանանեան բանակի առաջնահերթութիւնն է երկրին բոլոր շրջաններուն մէջ ապահովական կայունութեան ամրապնդումը: Լիբանանի ապահովութիւնը ամուր է, իսկ բանակը պիտի դիմադրէ երկրին ապահովութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը խանգարող որեւէ փորձի», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

«Սիթա» Ընկերութիւնը Ներում Կը Հայցէ Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Տուժած Ճամբորդներէն

Յաջորդը

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեան. Ամբաստանող Կողմը Աւարտեց Իր Ատենախօսութիւնները` Չորս Ամբաստանեալները Նկատելով Յանցապարտներ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.