Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, աղջկանց տիտղոսակիրը հանդիսացաւ 20-րդ դասուած ճափոնցի Նաոմի Օսաքա, որ աւարտականին 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզին (17-րդ):
Այսպիսով, Օսաքա յաջողեցաւ պատմութիւն կերտել, որովհետեւ հանդիսացաւ առաջին ճափոնցին (տղոց եւ աղջկանց մէջ) որ կը տիրանայ կրան շլեմի մը մրցաշարքի տիտղոսին:
Ուիլիըմզ իր կրած այս պարտութեամբ չկրցաւ հաւասարիլ Մարկարեթ Քորթի հաստատած մրցանիշին, որ տիրացած է 24 կրան շլեմի տիտղոսներու:
Փոտիումի վրայ իր բաժակը ստանալէ բացի, Օսաքա ստացաւ նաեւ… 3,8 միլիոն ամերիկեան տոլարի չեք մը:
Նշենք, որ տղոց կիսաւարտականի մրցումներուն, աշխարհի թիւ 1 դասուած եւ տիտղոսակիր, սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ չկրցաւ հասնիլ աւարտականին, որովհետեւ ծունկի վնասուածքի պատճառով արժանթինցի Խուան Տել Փոթրոյի դէմ իր մրցումը կիսատ ձգեց, մինչ անիկա կ՛ընթանար ի նպաստ Փոթրոյի` 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով:
Ան աւարտականին, այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր դէմ կ՛ունենայ սերպ Նովաք Ճոքովիչը, որ կիսաւարտականին յաղթեց ճափոնցի Քէյ Նիշիքորիին (6-3, 6-4 եւ 6-2):
«Եու. Էս. Օփըն»-ը տարուան վերջին կրան շլեմի մրցաշարքն է:



