Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ինթըրֆաքս»-ին. Ռուսիան Ջնջած Է Իր Տարածքին Մէջ Միքայէլ Յարութիւնեանի Նկատմամբ Յայտարարուած Հետախուզումը

September 8, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան ջնջած է իր տարածքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի նկատմամբ յայտարարուած ԱՊՀ միջպետական հետախուզումը: Այս մասին «ինթըրֆաքս»-ին յայտնած է լաւատեղեակ աղբիւր մը:

«2008 թուականին Երեւանի մէջ մարտ 1-ի դէպքերուն համար մեղադրուող Յարութիւնեանի վերաբերեալ նիւթերու ուսումնասիրութենէն ետք որոշուած է Ռուսիոյ տարածքին մէջ ջնջել անոր նկատմամբ հետախուզումը», ըսած է լրատու գործակալութեան զրուցակիցը:

Ան մանրամասնած է, որ այսպիսով` Ռուսիոյ տարածքին նախկին նախարարին ոչինչ կը սպառնայ: Բայց եթէ Յարութիւնեան յայտնուի ԱՊՀ երկիրներէն որեւէ մէկուն մէջ, զինք կրնան ձերբակալել եւ արտայանձնել Հայաստանին:

Աղբիւրը աւելցուցած է, որ պաշտպանութեան նախկին նախարարին ձերբակալութեան եւ արտայանձնումին վերաբերեալ դիմումը Մոսկուան վերջերս ստացած է, սակայն ոչ Հայաստանի ընդհանուր դատախազութենէն, այլ` միջպետական հետախուզման գծով:

Նախապէս «Ինթըրֆաքս» հաղորդած էր, որ Ռուսիան պիտի մերժէ Յարութիւնեանը արտայանձնել Հայաստանին, որովհետեւ ան Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ունի, եւ Ռուսիոյ սահմանադրութեան համաձայն, երկրի քաղաքացին չի կրնար արտայանձնուիլ այլ երկրի` նոյնիսկ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուելու համար:

 

Նախորդը

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ Համակարգիչներու Խանգարում

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Ընտրախախտումներուն Համար Պատիժի Խստացման Օրինագիծերու Փաթեթը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.