Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Մօտէն Ծանօթացաւ Զահլէի, Ռայաքի, Ժալալայի Եւ Այնճարի Հոգեւոր Եւ Կրթական Կառոյցներուն

September 8, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի հասաւ Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան` ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան եւ առաջնորդարանի ներկայացուցիչներուն: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած «Կանոնական աղօթք»-էն ետք, առաջնորդ սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ ծուխի հովիւին, թաղականութեան եւ Ազգային երեսփոխանին հետ: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Զահլէն աշխարհագրականօրէն հեռու ըլլալով հանդերձ կը մնայ Ազգային իշխանութիւններու մտահոգութիւններուն առանցքը, որովհետեւ շրջանը կարիքը ունի վերելքի եւ երիտասարդականացման:

Ապա սրբազան հայրը այցելեց Զահլէի գերեզմանատունը, որմէ ետք ուղղուեցաւ Ռայաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր ծանօթացաւ շրջանի եկեղեցւոյ խնամակալութիւնը ստանձնած անհատներուն:

Սրբազան հօր այցելութեան յաջորդ վայրը Շթորան էր, ուր Ժալալայի Ս. մատրան մէջ Ներսէս Ա. քհնյ. Ճերմակեանի եւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ կարճ Ժամերգութիւն մը: Սրբազանը նաեւ այցելեց Ժալալայի Ազգային գերեզմանատունը:

Միօրեայ այցելութիւններու վերջին կայանը Այնճարն էր: Սրբազանը Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ «Կանոնական աղօթք» կատարեց, ապա թաղականութեան գրասենեակին մէջ դիմաւորուեցաւ Այնճարի քաղաքապետին, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, քահանայ հօր, թաղականութեան ու տիկնանցի անդամներուն, ինչպէս նաեւ «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանի տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ անձնակազմին կողմէ: Հանդիպման ընթացքին սրբազանը նշեց, որ այս հանդիպումները կը միտին ըմբռնել միջավայրին դժուարութիւնները, ուրախանալ արձանագրուած իրագործումներով եւ փորձել կարելին ի գործ դնել մեր հաւաքական առաքելութեան յաջողութեան համար: Այս առիթով, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան հաստատեց, որ գիւղին միակամութիւնը եւ դիմագիծը պահպանելը գլխաւոր գրաւականն է, որուն իրականացման համար իւրաքանչիւր անհատ եւ կառոյց ունի իր պարտականութիւնը, եւ այս շրջագիծին մէջ առաջնորդ սրբազան հօր այցելութիւնը մեծապէս կը նպաստէ նշեալ գրաւականի յաջողութեան:

Սրբազան հայրը «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանին մէջ նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ: Տնօրէն Արմէն Թաշճեան ամփոփ կերպով ներկայացուց վարժարանին գործունէութիւնը եւ վերամուտի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը: Գնահատելով վարժարանի գործունէութիւնն ու յաջողութիւնները` առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ եկեղեցին, դպրոցները, ակումբները եւ ազգային կառոյցները մաս կը կազմեն մէկ առաքելութեան` ծառայել եկեղեցիին, ազգին եւ հայրենիքին:

 

Նախորդը

«Ընկերութեան Կեանքին Հետ Աղերս Ունեցող Հարցերուն Նկատմամբ Եկեղեցին Իր Իւրայատուկ Ըսելիքը Ունի». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Նորընտիր Առաջնորդը, Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ու Կրօնական Ժողովները

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.