Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յ. Բագրատունի Ընդունեց Լիբանանեան Համալսարանի Բարեկամներու Միութեան Նախագահը

September 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանեան համալսարանի բարեկամներու միութեան (ԼԱՊՈՐԱ) մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ հայր Թոնի Խատրայի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանեան համալսարանին վերաբերող վարչական, ուսումնական եւ պաշտօններու ընդունման վերաբերող հարցեր:

Պատուիրակութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց համալսարանին ներկայ իրավիճակին համար` նշելով, որ այս ընթացքով շարունակելու պարագային Լիբանանեան համալսարանը վնասներ պիտի կրէ` աւելցնելով, որ նման վնասներ ոչ ոք կը փափաքի Լիբանանեան համալսարանին:

Յ. Բագրատունիի այցելուները այդ հարցերուն համար ներկայացուցին ընդհանուր լուծումներ, որոնցմէ էր Լիբանանեան համալսարանի պաշտօնէութեան նշանակումը կատարել համայնքային հաւասարակշռութեան հիման վրայ: Անոնք շեշտեցին, որ Լիբանանեան համալսարանի նախագահին անձին հետ ոչ մէկ խնդիր կայ, սակայն կան սխալներ, որոնք պէտք է սրբագրուին` նախ եւ առաջ ի շահ համալսարանին:

Իր կարգին, երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանեան համալսարանը բոլոր լիբանանցիները գիտութեան, մտքի, յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճումի դրօշին ներքեւ համախմբող կրթական հաստատութիւնն է: «Հետեւաբար Լիբանանեան համալսարանն ու անոր ուսման մակարդակի պահպանումը միացեալ պատասխանատուութիւն է: Իսկ տեղակատուական մարզին մէջ փոխանակուող ամբաստանութիւնները դատապարտելի են, որովհետեւ անոնք Լիբանանեան համալսարանին վայել չեն», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Երկրին Գերագոյն Շահերը Ապահովելու Եւ Կառավարութիւն Կազմելու Համար Բոլորէն Զիջում Կը Պահանջուի»

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Անորոշութեան Մատնուած Է

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.