Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեւաւոր Հրթիռներով Զինուած Ամերիկեան Սուզանաւ Մը Մուտք Գործած Է Միջերկրական Ծով

September 6, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան հիւլէական ուժով բանող «Նիւ Փորթ Նիուզ» սուզանաւը Ժիպրալթարի նեղուցի ճամբով մուտք գործած է Միջերկրական ծով: «Ժիպրալթար Քրոնիլըլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ նշեալ սուզանաւը «Լոս Անճելոս» տիպի է եւ զինուած է «Թոմահոք» տիպի թեւաւոր հրթիռներով:

Սուզանաւը նախորդ շաբաթ նշմարուած է Ժիպրալթարի նաւահանգիստի շրջանին մէջ, եւ երբ սպանական եզերապահ նաւ մը փորձած է անոր մօտենալ, Ժիպրալթարի ոստիկանութիւնը անոր ճամբան փակած է եւ արգիլած, որ սուզանաւին մօտենայ:

Փենթակոն հաստատեց, որ սուզանաւը հասած է Ժիպրալթար, սակայն նշեց. «Այցելութիւնը թեքնիք է եւ նախապէս ծրագրուած»:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշնիքով յայտնած էր, որ Ժապհաթ Նուսրան կը պատրաստուի Իտլիպի մէջ քիմիական զէնքով յարձակումի տպաւորութիւնը ստեղծել եւ ատոր համար ամբաստանել Սուրիոյ բանակը` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքը կը ծրագրէ այդ սադրանքը իբրեւ պատրուակ օգտագործել Սուրիոյ բանակի դիրքերուն դէմ յարձակումներ գործելու համար:

Նշենք, որ ռուսական ծովուժը շաբաթ օր Միջերկրականի մէջ սկսած է ռազմափորձ մը, որուն կը մասնակցին 26 մարտանաւեր, 2 սուզանաւեր եւ 34 պատերազմական օդանաւեր. անիկա պիտի շարունակուի մինչեւ 8 սեպտեմբեր:

Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու զինուորական հետախուզութեան մասնագէտները ճշդած են Սուրիոյ դէմ ամերիկեան նոր հարուածներու թիրախներու ցուցակ մը, որուն մէջ ներառուած են սուրիական դիրքեր, որոնք, կը պնդուի, որ կ՛օգտագործուին քիմիական զէնքերու արտադրութեան համար:

Ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ այդ թիրախներուն դէմ յարձակում պիտի գործեն, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «պատշաճ հրաման» մը տայ, սակայն «այդ որոշումը տակաւին չէ տրուած»:

«Ամերիկեան ուժերը կարող են չափազանց արագ կերպով հակադարձելու, եթէ սուրիական իշխանութիւնները քիմիական զէնքով յարձակում մը գործեն», նշեց «Սի.Էն.Էն.»:

Նախորդը

Իրանի Գաղտնի Սպասարկութիւնները Տասնեակ Մը Լրտեսներ Ձերբակալած Են

Յաջորդը

Չինաստան Սկսած Է Աֆղանիստանի Մէջ Առաջին Ռազմակայանի Կառուցման Աշխատանքներուն

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.