Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Մէջ Յամեցող Թէժ Իրավիճակը Կը Նեղացնէ Ռուսիան» Շեշտեց Լաւրով

September 4, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խօսելով յառաջիկային Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունենալիք հերթական հանդիպումին մասին` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ յամեցող թէժ իրավիճակը կը նեղացնէ Ռուսիան` աւելցնելով, որ ատիկա Հայաստանի ներքին խնդիրն է:

«Մեզի կը նեղացնէ Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը, մասնաւորապէս` երբ կ՛իմանանք, թէ նախորդ տասը տարիներու իրադարձութիւններուն մասին հետաքննութիւններ կը բացուին եւ ձերբակալութիւններ կը կատարուին: Մենք այս իրավիճակը կը նկատենք Հայաստանի ներքին հարցը` մաղթելով, որ ներքին խնդիրներուն լուծումը կատարուի օրէնքի եւ սահմանադրութեան ամուր հիմերուն վրայ», ըսաւ Լաւրով:

Լաւրովի համաձայն, Ռուսիա շահագրգռուած է, որ այն երկիրները, որոնց հետ Մոսկուա դաշնակցային յարաբերութիւններ եւ ռազմավարական գործընկերութիւն ունի, ըլլան կայուն: «Այդ երկիրներուն կայունութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի ներքին գործընթացները զարգանան Սահմանադրութեան համապատասխան, եւ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին` տնտեսութեան զարգացման եւ ընկերային մարզի բարելաւման համար», հաստատեց ան:

Լաւրով ընդգծեց, որ իրենք ուշադիր կը հետեւին այն իրադարձութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան, երբ ուժի մէջ մտան սահմանադրական նոր բարեփոխումները, որոնց համաձայն` լիազօրութիւնները անցան խորհրդարանին կողմէ ընտրուած վարչապետին:

«Մենք չենք ձեռնարկած որեւէ քայլի կամ յայտարարութեան, որ կրնար մեկնաբանուիլ իբրեւ Հայաստանի ներքին հարցերու միջամտութիւն: Սակայն կարելի չէ ըսել, թէ արտաքին միւս խաղացողները մեր վարուելակերպը ունեցած են», եզրափակեց Լաւրով:

Նախորդը

Ըստ «Սէօզճիւ»-ի. Թուրքիան Մտադիր Է Ռազմակայան Հաստատել Նախիջեւանի Մէջ

Յաջորդը

«Տնտեսական Քաղաքականութեան Չգոյութիւնը Անկարելի Է» Շեշտեց Արծուիկ Մինասեան

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.