Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Զահլէի Մասնաճիւղի Երկօրեայ Դաստիարակչական Բանակում

September 4, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի  Զահլէի մասնաճիւղի երկօրեայ դաստիարակչական բանակումը տեղի ունեցաւ 22-23  օգոստոս 2018-ին, Ժալալայի «Աղբալեան» կեդրոնի շրջափակէն ներս: Սոյն բանակումին  մասնակցեցան` մոկլիներ, արծուիկներ,  գայլիկներ, արենուշներ ու արիներ:

 

Նկատի ունենալով, որ շրջանին մէջ հայկական դպրոց  չկայ, բանակումին նպատակն էր հայեցի դաստիարակութեամբ հայկական մթնոլորտ մը ստեղծել անդամներուն, ինչպէս նաեւ` զարգացնել  ինքնավստահութեան, չարքաշութեան եւ ընկերային ոգին:

Վրանները լարելէ  ու դրօշակի արարողութենէ ետք, առաջին նիւթը ներկայացուց Մանուշակ Առաքելեանը` սկաուտական շարժումի հիմնադրութեան եւ օրէնքներու մասին:

Գրիգոր Բալուլեանը  ներկայացուց  հետեւեալ  նիւթերը.

– Նախնական բուժօգնութիւն,
– Անտառի մէջ բանակելու ձեւը,
– Ինչպէ՞ս կրակ կը վառեն բնութեան մէջ:

Խաղերէ, ճաշէ ու դադարէ ետք, Սարին Բալուլեանը խօսեցաւ խարուկահանդէսի կարեւորութեան մասին: Բանակողները սորվեցան կանչեր, երգեր ու պարեր:

Նախքան խարուկահանդէսը` Խաժակ Բալուլեանը բարի գալուստ մաղթեց «Արամ» կոմիտէի ընկերներուն, Զահլէի մասնաճիւղի վարչութեան, քահանայ հայրերուն, ծնողներուն եւ համակիրներուն: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց  ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան  ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին: Խարուկահանդէսի կոկիկ  յայտագիրէն ետք ներկաները հիւրասիրուեցան թէյով եւ կարկանդակով:

Բանակումին երկրորդ օրը խաղերու միջոցով անդամները սորվեցան հայերէն այբուբենը, սկաուտական խաղեր ու կանչեր:

Շրջանային վարչութենէն, ինչպէս նաեւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդէն ու խմբապետութենէն անդամներ այցելեցին  ու լսեցին մասնաճիւղին դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Վրանները քակելէ ու փակման արարողութենէ ետք մասնակցողները խանդավառ ու գոհունակ սրտով վերադարձան իրենց տուները:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Սեպտեմբեր 1964)

Յաջորդը

Այցելութիւն Աւետեաց Երկիր

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.