Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Բերքը Աւելցնելու Եւ Գիւղացիին Եկամուտը Բարձրացնելու Ծրագիր Մշակուած Է

September 1, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր պաշտօնավարման 100 օրերը ամփոփող մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան յայտարարած է, որ եթէ գիւղացիները միանան ու հողերը ընդարձակեն` ըլլայ ատիկա համագործակցական  գիւղացիական միութեան ձեւով կամ այլապէս, նախարարութիւնը կրնայ այդ տնտեսութիւնները օժտել ոռոգման կաթիլային ցանցով:

Ըստ անոր, ոռոգման կաթիլային նոր համակարգերու ներդրման շնորհիւ ջուրի անտեղի կորուստներ չեն ըլլար, եւ բերքատուութիւնը կը բարձրանայ, ուստի նաեւ` սեփականատիրոջ եկամուտը:

Նախարարը տեղեկացուցած է, որ այս օրերուն վարչապետին հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած է վարելահողերու նպատակային օգտագործման մակարդակի բարձրացման վերաբերող ծրագիրը, որ արժանացած է կառավարութեան ղեկավարին համաձայնութեան:

Նախատեսուած է այս ծրագիրը իրականացնել այս տարուան աշնանացանի ժամանակաշրջանին եւ անոր նպատակն է վարելահողերու նպատակայարմար օգտագործումը, հացահատիկային ապահովուածութեան մակարդակի բարձրացումը եւ տարածքային անհամամասնութիւններու նուազումը: Նախագիծով կ՛առաջարկուի նաեւ ուղղակի աջակցութիւն տրամադրել գիւղացիական տնտեսութիւններուն:

Նախարարը նաեւ նշած է, որ ներկայիս բանակցութիւններ կը կատարուին Հայաստանի եւ Վրաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններուն միջեւ, որպէսզի որոշ զեղչեր ստանան Վրաստանէն երկաթուղային ճամբով հացահատիկը Հայաստան տեղափոխելու համար: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ բեռնատարերով ցորեն տեղափոխելու սահմանափակումներուն պատճառով արդեօք ցորենը եւ ալիւրը կը սղի՞ն, նախարար Խաչատրեան դիտել տուած է, որ ծայրայեղ պարագային գինի որոշ յաւելում կրնայ արձանագրուիլ, սակայն աշխատանք կը տարուի այս յաւելումին առաջքը առնելու:

Լրագրող մը ուզած է գիտնալ, թէ Հայաստանը հացահատիկի ինքնաբաւ երկիր դարձնելու ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի՞, որպէսզի կախեալ չըլլայ ուրիշէն: «Մեր առջեւ Հայաստանը հացահատիկի ինքնաբաւ երկիր դարձնելու խնդիր չէ դրուած, մենք պէտք է աշխատինք, որ մարդիկ ցանեն այնպիսի մշակաբոյսեր, որոնք իրենց եկամուտը կ՛աւելցնեն: Մեր խնդիրն է մարդոց օգնել ցած արժէք ունեցող բոյսերու մշակումէն անցնելու բարձրարժէքներու մշակման, որպէսզի կարենան աւելի լաւորակ բերք եւ բարձր եկամուտ ունենալ», ընդգծեց նախարար Խաչատրեան:

Նախարարին համաձայն, ցորենի աւելի բերքատու տեսակներ ցանելու ու այսօր չօգտագործուող հողատարածքներուն վրայ եւս ցորեն ցանելու պարագային փափաքելի արդիւնքին կարելի է հասնիլ:

 

Նախորդը

Ռոպերթ Քոչարեան Պիտի Մասնակցի Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւններուն

Յաջորդը

Փաշինեան. «Բնութեան Մէջ Կրթութենէն Աւելի Կարեւոր Բան Չկայ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.