Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Խորհրդարանը Կ՛ուղղուի Դէպի Օրէնսդիր Աշխատանք, Իսկ Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւնը Կրնայ Երկրին Դիմագրաւած Հարցերուն Լուծման Նախաքայլը Ըլլալ»

August 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ընդգծեց կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը: «Ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը կրնայ երկրին դիմագրաւած հարցերուն լուծման նախաքայլը ըլլալ», ըսաւ Պըրրի:

Ան շեշտեց, որ խորհրդարանը կ՛ուղղուի դէպի օրէնսդիր աշխատանք` հաստատելով, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստերուն, յատկապէս ելեւմտական իրավիճակին առնչուած օրինագիծերը սերտելը աւարտելէ ետք, խորհրդարանը պիտի հրաւիրուի օրէնսդրական լիագումար նիստի:

Միւս կողմէ, Պըրրի իր այցելուներուն հետ կատարած քննարկումներուն ընթացքին մտավախութիւն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կրնայ երկարատեւ ըլլալ, եթէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին դրական զարգացումներ չարձանագրուին:

Պըրրի նշեց նաեւ, որ օրէնսդրական առումով ինք կը սպասէ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն վաւերացնելիք շարք մը օրինագիծերուն` աւելցնելով, որ եթէ այսօր այդ օրինագիծերը վաւերացուին, ապա երեք օր ետք ինք խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ լիագումար նիստի մը` նկատի ունենալով, որ ըստ սահմանադրութեան 69-րդ յօդուածին, կառավարութեան հրաժարականի պարագային խորհրդարանը տեւական նիստեր գումարելու իրավիճակին մէջ կ՛ըլլայ:

Պըրրի հաստատեց, որ կան շարք մը ելեւմտական օրինագիծեր, որոնք արագօրէն պէտք է վաւերացուին: «Այս առումով «Սետր»-ի խորհրդաժողովի գործավարը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին հանդիպումի ժամադրութիւն խնդրած է ինձմէ, եւ խոստացած եմ մօտիկ ապագային ընդունիլ զայն», ըսաւ Պըրրի:

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքի Նիստ

Պըրրի նախագահեց նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն աւարտին երեսփոխան Անուար Խալիլ շեշտեց, որ անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի յիշատակը առիթ մըն է, որուն ընթացքին կարելի է հաստատել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը:

Խալիլ նշեց, որ պլոքը քննարկած է նաեւ երկրին քաղաքական, տնտեսական, կենցաղային եւ ընկերային հարցերը, որոնց յարմարագոյն լուծումը նկատած է նոր կառավարութեան անյապաղ կազմութիւնը:

 

Նախորդը

Հարիրի. «Ոչ Ոք Կրնայ Ինծի Կառավարութեան Կազմութեան Ժամկէտ Պարտադրել»

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. «Նախագահ Աուն Լաւատես Է Վարչապետ Հարիրիի Կատարելիք Այցելութեամբ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.