Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Օգոստոս 1968)

August 30, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներուն
Միջմասնաճիւղային Բանակումը

ՀՄԸՄ-ի սկաուտները մեծ շուքով եւ պատշաճ յարգանքով տօնակատարեցին իրենց կազմակերպութեան հիմնադրութեան յիսնամեակը` տարեկան ռալի-բանակումի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 20-25 օգոստոսին, Այնճարի մէջ եւ փակուեցաւ փառաւոր հանդիսութեամբ:

Այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը նիւթական ամէն դժուարութեանց առաջքը առնելով` բանակումին մասնակցելու հրաւիրած էր ՀՄԸՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերը, որոնցմէ Յունաստան, Իրաք եւ Կիպրոս ներկայացուցիչներով եւ սկաուտներով ներկայ գտնուեցան բանակումին եւ իրենց մասնակցութենէն` անոնք առիթը ունեցան կատարելու պտոյտներ Լիբանանի տեսարժան վայրերը, ինչպէս` Պաալպէք եւ մայրիներու անտառը:

Ռալի-բանակումը որոշուած էր կատարել Այնճարի մէջ` նկատի ունենալով շրջանի հայաբոյր մթնոլորտը: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտները եւ անդամները ամէն ձեւով օժանդակեցին եւ յաւելեալ ճիգ կատարեցին, որ բանակումը պսակուի յաջողութեամբ: Այս հեռանկարով որեւէ ջանք եւ զոհողութիւն չզլացան նաեւ մասնակցող միւս մասնաճիւղերուն սկաուտները` Պէյրութ, Թրիփոլի, Պուրճ Համուտ եւ Զահլէ:

Բանակումի բացումէն շաբաթ մը առաջ մեղուաջան աշխատանքը սկսած էր բանակատեղիին մէջ: Պէյրութի առաջին խումբի սկաուտներէն խմբակ մը հաստատուած էր հոն եւ սկսած էր շինութեանը կամուրջին, աշտարակին եւ ճաշասեղանին, որոնք եղան սկաուտական գեղեցիկ ստեղծագործութիւններ` հիացում պատճառելով բոլոր դիտողներուն: Այնճարցիք ալ գործի վրայ էին եւ զբաղած` առաւելաբար բանակավայրի ընդհանուր մաքրութեան եւ սարքաւորման աշխատանքներով: Զուգահեռաբար, իրենց յատկացուած վայրին մէջ անոնք կառուցեցին հսկայ աշտարակ մը, ուր կարելի էր բարձրանալ թէ՛ աստիճաններով եւ թէ՛ երկու կողմէն շինուած կամուրջով:

25 օգոստոսին բոլոր խումբերը սկսան հաստատուիլ բանակատեղի: Ամէն շրջան լուրջ եւ ժրաջան աշխատանքով պատրաստեց ձեռային աշխատանքներ, որոնք ցոյց կու տային ՀՄԸՄ-ական սկաուտներու բարձր կարողութիւնները եւ ճարտարութիւնը: Մասնաւոր յանձնախումբ մը իրենց արժէքին համաձայն գնահատեց կատարուած աշխատանքները եւ համապատասխան նուէրներ տուաւ լաւագոյններուն:

Բանակումի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 23 օգոստոսին, ութ մասնաճիւղերէ եկած 300 սկաուտներու ներկայութեան: Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որուն ընթացքին պարզուեցաւ նաեւ եռագոյն դրօշը, որ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի սկաուտները ստացած էին վերջին սկաուտական ճեմպորիին մասնակցող Ֆրանսայի հայ արիներէն: Դրօշակի արարողութենէն ետք մասնակցող բոլոր խմբապետները խօսք առին` շեշտելով նման բանակումներու անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը:

Շաբաթ, ամբողջ օրը սկաուտներուն համար եղաւ հեւ ի հեւ աշխատանքի օր մը: Պէտք էր բանակատեղին ըլլար ծայր աստիճան մաքուր, բոլոր շինութիւնները վերջանային, որպէսզի յաջորդ օրը կարելի ըլլար ընդունիլ այցելուները: Հսկայ եւ դատարկ դաշտը վերածուած էր կոկիկ եւ գեղեցիկ բանակավայրի մը, ուր յստակ կերպով կը զատորոշուէին մասնակցող շրջանները` առանձին թաղամասերով: Կեդրոնական մթերանոցը կը հայթայթէր բոլորին անհրաժեշտ ուտելիքներն ու պիտոյքները:

Կիրակի առաւօտ Պէյրութէն հասան գայլիկներու վոհմակները, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի արծուիկները եւ ՀՄԸՄ-ի արենոյշները` բանակումին մասնակցողներուն թիւը բարձրացնելով 600-ի: Սկաուտները գացին եկեղեցի` ներկայ գտնուելու պարագային, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ` ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն եւ յաւէտ մեզմէ բաժնուած ՀՄԸՄ-ական եղբայրներու յիշատակին:

Կէսօրուան ճաշէն ետք բոլոր սկաուտները, գայլիկները, արենուշները եւ արծուիկները մեկնեցան ակ, ուրկէ պիտի սկսէր հսկայ տողանցքը` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի նուագախումբին: Ակէն մինչեւ գիւղին հրապարակը ժողովուրդը խանդավառութեամբ հետեւեցաւ տողանցքներուն` քաջալերելով զանոնք: Տողանցքը վերջացաւ բանակատեղիին մէջ, ուր պաշտօնական արարողութեամբ տեղի ունեցաւ մրցանակներու եւ նոր աստիճաններու բաշխումը: Այս առիթով, Յունաստանի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու աւագ խմբապետ Լեւոն Գայեանը գեղեցիկ յուշատախտակ մը նուիրեց Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին:

Ժամը 4:00-ին բանակատեղին բաց էր այցելուներուն համար: Երկու հազարէ աւելի բազմութիւն մը պտտեցաւ բանակատեղին, դիտեց սկաուտներու ձեռային աշխատանքները, ապա տեղ գրաւեց բեմին շուրջ` ներկայ ըլլալու համար փակման հանդէսին:

Ամբողջութեամբ սկաուտներու միջոցով պատրաստուած յայտագիրը գործադրուեցաւ կանոնաւոր կերպով: Օրուան բանախօս Հրաչ Տասնապետեան առաւելաբար ընդգծեց ՀՄԸՄ-ի զուտ հայկական նկարագիրը եւ վեր առաւ անոր յիսնամեայ գործունէութեան օգտակար կողմերը: Խօսեցաւ նաեւ կրթական նախարարութեան մարզական եւ երիտասարդութեան ընդհանուր տնօրէնութեան ներկայացուցիչը` դրուատելով ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմակերպութիւնը:

Հանդիսութեան հովանաւորութիւնը ստանձնած էր վարչապետ Ապտալլա Եաֆին, որուն անձնական ներկայացուցիչը` երեսփոխան մեթր Խաչիկ Պապիկեանը ներկայ էր հանդիսութեան:

Հանդիսութեան աւարտին, ժողովուրդի մեկնումէն ետք, այս անգամ սկսաւ քանդումի աշխատանքը: Ինչ որ հարիւրաւոր սկաուտներ շինած էին շաբթուան մը ընթացքին, պէտք էր քակել քանի մը ժամէն, որովհետեւ յաջորդ առաւօտ բոլորը իրենց տուները պէտք էր վերադառնային: Քանի մը ժամ ետք ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու բանակատեղին ամայացած էր: Բայց ամէն հայ, ամէն սկաուտ, որ գտնուեցաւ այդ բանակատեղիին մէջ, իրեն հետ տարաւ անուշ յիշատակ մը, գեղեցիկ ապրում մը: Մանաւանդ դարձաւ աւելի հպարտ, ինքնավստահ եւ հայկականութեամբ լեցուն:

Վ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Անկելա Մերքել

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.